Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թէ Ինչպէ՛ս Աղբը Հասած Է Քեսրուանի Ծովեզերք

January 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախանցեալ օր այցելեց Քեսրուանի ծովեզերք, որ ծածկուած էր աղբերով:

Ծովեզերքը պարզուած ահաւոր տեսարանին լոյսին տակ Ժեմայէլ պահանջեց կենսոլորտի նախարարին եւ Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի անդամներուն հրաժարականը` սպառնալով դիմել միջազգային դատարան:

Ըստ Ժեմայէլին, Քեսրուանի ծովեզերքը, որ Նահր Քալպէն մինչեւ Զուք Մուսպեհ կ՛երկարի, աղբով լեցուած էր Պուրճ Համուտի եւ Քոսթապրաւայի թափօններու թաղման վայրերուն մէջ գտնուող աղբերով, որոնք հոն հասած էին այդ աղբերուն բախող ալիքներուն պատճառով:

Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդը տեղւոյն վրայ պատասխանեց Ժեմայէլին` շեշտելով, որ ալիքները Պուրճ Համուտի եւ Քոսթապրաւայի թափօններու թաղման վայրերը չեն կրնար հասնիլ` շեշտելով, որ այդ աղբերը հոն հասած են Նահր Քալպ գետին մէջ թափուած աղբերուն պատճառով:

Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, որ այն շրջանին, երբ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը աղբ փոխադրող փոխադրատարներուն դիմաց փակեց դէպի Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայր տանող ճամբան, այդ աղբերը դիզուած են Նահր Քալպի յորձանքին ու անոր մօտակայքը գտնուող Պէյթ Շապապի աղբանոցին մէջ եւ ահաւասիկ անոնք յայտնուեցան Քեսրուանի ծովափը:

Ի պատասխան Ժեմայէլի կատարած յայտարարութիւններուն, կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ ուղղուեցաւ Պէյթ Շապապ, ուր հաստատեց, որ հոն ու Տէյր Շամրայի մէջ գտնուող ապօրինի աղբանոցները պատճառ դարձած են, որ Նահր Քալպի յորձանքին միացած աղբերը հասնին ծով եւ ապա ծովափ:

Ան հաստատեց, որ Ժեմայէլի ցուցադրական ժապաւէնը ձախող դուրս եկած է, որովհետեւ անիկա հիմնուած է անարդարութեան եւ անհիմն ամբաստանութիւններու վրայ:

Խաթիպ շեշտեց, որ կարեւոր է լիբանանցիներուն համար տեսնել իսկական եւ ճշմարիտ պատկերը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կը ջանայ տասնամեակներէ ի վեր յամեցող աղբերու տագնապին արմատական եւ մնայուն լուծումներ գտնել:

Իր կարգին, նախկին նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ Քեսրուանի ծովափը յայտնուող աղբերուն աղբիւրը Նահր Քալպի յորձանքն է, որովհետեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կողմէ աղբ փոխադրող փոխադրատարներուն դիմաց Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի ճամբուն փակումը օրին պատճառ դարձաւ, որ աղբերը դիզուին Պէյթ Շապապի աղբանոցին մէջ եւ ապա Նահր Քալպէն թափին ծով:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր իր ցուցմունքները տուաւ Աղէտներուն շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդին անմիջապէս մաքրելու Քեսրուանի ծովափը:

Վարչապետը Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդէն պահանջեց նաեւ յանձնախումբ մը լիազօրել, որպէսզի թեքնիք բացատրութիւն տայ պատահարին մասին` ճշդել կարենալու համար պատասխանատուութիւնները:

Հարիրիի ցուցմունքներուն հիման վրայ Աղէտներուն շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդը երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-ին սկսաւ մաքրութեան արշաւին:

Աղէտներուն շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր երեկոյեան յայտնեց, որ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք խորհուրդը կրցած է Նահր Քալպի ծով թափած կէտէն մինչեւ Փորթեմիլիօ Քասլիք երկարող ծովափը 90 առ հարիւրով մաքրել` աւելցնելով, որ մնացեալ աղբերը պիտի հաւաքուին այսօր:

Նախորդը

Սարրաֆ Եւ Զօր. Աուն Քննարկեցին «Հռոմ 2» Խորհրդաժողովին Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Յաջորդը

Ապպուտ. «Սեփական Դպրոցներուն Ուսուցիչները Այսօր Պիտի Գործադրեն Դասադուլը»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.