Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վարձքերնիդ Կատար»-էն Անդին…

January 22, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Ըստ ընկալեալ սովորութեան, աշխատանքի մը աւարտին «Վարձքերնիդ կատար» կ՛ըսենք ու կ՛անցնինք: Ճիշդ է` կարեւոր է այս մէկը, նուազագոյն գնահատանք մը,  որ ժպիտ մը կը գծէ աշխատանքը կատարողներուն դէմքին եւ գոհունակութեան թեթեւ զգացում մը կ՛ընծայէ: Սակայն կան աշխատանքներ, որոնք այդ երկու բառերէն քիչ մը անդին երթալու  կարիքը կը ներկայացնեն: Գնահատանքի կողքին, անոնք առիթ կը ստեղծեն մտածելու` նիւթերու մասին,  որոնք անպայմանօրէն ուղղակի չեն կապուիր աշխատանքին, այլ` աւելի ընդհանուրին:

Տօնական ուրախ օրերու ընթացքին, դեկտեմբեր 30-31-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտները, հետեւելով «Գործել բարիք մը ամէն օր» կարգախօսին, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով պատրաստեցին 100 կարիքաւոր ընտանիքի Նոր տարուան կերակուր:

Գեղեցիկ նախաձեռնութիւն, դժուար գործ, ամիսներու նախապատրաստական աշխատանք, յոգնութիւն… Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

Բայց եկէ՛ք` պահ մը մտածենք, թէ  ինչո՛ւ այս տեսակի դժուար աշխատանքի մը ձեռնարկեցին սկաուտները, ի՞նչն է այն ուժը, որ այս երիտասարդները կը մղէ կամաւոր աշխատանքի, ինչո՞վ կը տարբերին անոնք իրենց տարեկիցներէն:

Պարզ է. այս հսկայ աշխատանքին ծրագրողն ու նախաձեռնողը խումբ մը երիտասարդներ են, որոնք կը տարբերին իրենց տարեկիցներէն` միութենական գիտակցութեամբ, պատկանելիութեան զգացումով, որոնք իրենց գործերուն եւ դասերուն կողքին, կ՛աշխատին սկաուտներուն հաճելի, դաստիարակչական, միութենական եւ ազգային աշխատանքներ ծրագրելով եւ իրագործելով: Աւելի՛ն. տօնական օրերուն, մէկ կողմ ձգած վայելքն ու հաճոյքը, միասնաբար աշխատեցան` առանց գանգատելու, եւ կրցան պատրաստել 100 կարիքաւոր ընտանիքի Նոր տարուան ընթրիք:

Հոս հարկ է յիշել նաեւ եւ վարձքը կատար ըսել բոլոր ծնողքներուն, բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ` նուիրատուներուն, որոնք օժանդակեցին այս աշխատանքին:

Այս երիտասարդները կը հաւատան կամաւոր գործի կարեւորութեան, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ այդպէս կը դաստիարակուին, ինչպէս նաեւ կը դաստիարակեն:  Այսպէս, ամբողջ տարին անոնք կամաւորապէս միութենական գործ կը տանին` առանց որեւէ սպասումի:

Այս աշխատանքով ՀՄԸՄ-ական երիտասարդները կրցան յոյս, վստահութիւն, ինչպէս նաեւ հանգստութիւն ներշնչել  մէկ կողմէ կարիքաւոր ընտանքիներուն, իսկ միւս կողմէ, միութեան ապագայով մտահոգ անձերուն, փաստելով, որ տակաւին կայ պատասխանատու երիտասարդութիւն, կայ յանձնառու, նախաձեռնող, միութենական գիտակցութեամբ լեցուն երիտասարդութիւն, տակաւին կը պահուին ՀՄԸՄ-ի արժէքներն, ու կ՛իրագործուին անոր նպատակները:

Ապրի՛ք, քոյրե՛ր եւ եղբայրնե՛ր, շարունակեցէ՛ք նոյն ոգիով եւ նոյն թափով: Այսօր թերեւս դուք չէք նկատեր ձեր կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը, սակայն ապագային երախտապարտ պիտի ըլլաք, որ մաս կազմած էք ՀՄԸՄ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի ճամբով կրցած էք առաւել եւս կազմաւորուիլ:

Լիայոյս ենք, որ այլ առիթներ պիտի ստեղծէք` դարձեալ անցնելու «Վարձքերնիդ կատար»-էն անդին:

ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի «Մարդիկ, Որոնք Անցան Կեանքիս Մէջէն» Խորագրեալ Նոր Գիրքը

Յաջորդը

Հայաստանի Չորրորդ Նախագահի Լիազօրութիւնները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.