Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Չորրորդ Նախագահի Լիազօրութիւնները

January 22, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՄԱՐԻ ԹԱՐԵԱՆ

Ըստ նոր սահմանադրութեան, ապրիլ 2018-էն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը պիտի ըլլայ վարչապետը:

Ի տարբերութիւն նախորդ սահմանադրութեան, նոր նախագահի լիազօրութիւնները պիտի սահմանափակուին, եւ ան հիմնականօրէն ներկայացուցչական դեր պիտի կատարէ:

«Մետիամաքս»-ը կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչ լիազօրութիւններ պիտի ունենայ նախագահը նոր սահմանադրութեամբ եւ ի՞նչ փոփոխութիւններ կատարուած են անոնց մէջ:

1.- Ի՞նչ կարգավիճակ ունի նախագահը:

Ըստ նոր սահմանադրութեան, հանրապետութեան նախագահը պետութեան գլուխն է, որ կը հետեւի սահմանադրութեան պահպանման եւ իր գործառոյթները կ՛իրականացնէ սահմանադրութեամբ սահմանուած լիազօրութիւններու միջոցով:

Ի տարբերութիւն 2005-ին ընդունուած սահմանադրութեան, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բնականոն գործունէութեան ապահովումն ու ՀՀ անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորումը նախագահի լիազօրութիւններուն մէջ շարադրուած չեն:

2.- Ո՞վ կրնայ ընտրուիլ հանրապետութեան նախագահ:

Հանրապետութեան նախագահ կրնայ ընտրուիլ քառասուն տարին լրացուցած, նուազագոյնը վերջին վեց տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին վեց տարիներուն մշտապէս Հայաստանի մէջ բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող իւրաքանչիւր անձ:

2005-ի սահմանադրութեամբ, մինչդեռ, նախագահ կրնար ընտրուիլ երեսունհինգ տարին լրացուցած, վերջին տասը տարիներուն Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին տասը տարիներուն մշտապէս Հանրապետութեան մէջ բնակող եւ ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր անձ:

3.- Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կ՛ընտրէ հանրապետութեան նախագահը:

Եթէ նախորդ սահմանադրութեամբ նախագահը կ՛ընտրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ` հինգ տարի ժամկէտով, այժմ, սակայն, նախագահը կ՛ընտրէ Ազգային ժողովը` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու առնուազն երեք քառորդով:

Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ քառորդը:

Հանրապետութեան նախագահը կ՛ընտրուի եօթը տարի ժամկէտով եւ իր լիազօրութիւններու իրականացման ընթացքին որեւէ կուսակցութեան անդամ չի կրնար ըլլալ: Նոր սահմանադրութեամբ,` նոյն անձը այդ պաշտօնը կրնայ զբաղեցնել ոչ թէ առաւելագոյնը երկու, այլ միայն մէկ անգամ:

4.- Որո՞նք են հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները` Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան բնագաւառներուն մէջ:

Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի բնագաւառներուն մէջ մեծապէս փոխուած են:

Նոր սահմանադրութեամբ, հանրապետութեան նախագահը կը նշանակէ Ազգային ժողովի հերթական եւ արտահերթ ընտրութիւնները, կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովին ընդունած օրէնքները` քսանմէկօրեայ ժամկէտի մէջ:

Մինչդեռ առաջ, օրինակ, ան իրաւունք ունէր նաեւ սահմանադրութեամբ նախատեսուած պարագաներուն ու կարգով արձակել Ազգային ժողովը եւ նշանակել արտահերթ ընտրութիւն:

Հանրապետութեան նախագահը սահմանադրութեամբ սահմանուած պարագաներուն կրնայ ընդունիլ կառավարութեան հրաժարականը եւ վարչապետի առաջարկով փոփոխութիւններ կատարել կառավարութեան կազմին մէջ:

Նախորդ սահմանադրութեամբ վարչապետին նշանակման` նախագահի լիազօրութիւնները կը սահմանուէին այսպէս. «ՀՀ նախագահը Ազգային ժողովի մէջ պատգամաւորական տեղերու բաշխման եւ պատգամաւորական խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ վարչապետ կը նշանակէ պատգամաւորներու մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող անձը»:

Ըստ նոր սահմանադրութեան, «Հանրապետութեան նախագահը նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուն»:

5.- Ի՞նչ լիազօրութիւններ ունի նախագահը արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ:

Արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ հանրապետութեան նախագահը օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով, կառավարութեան առաջարկութեամբ, կը կնքէ միջազգային պայմանագրեր, վարչապետին առաջարկով կը նշանակէ եւ ետ կը կանչէ օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչները, կ՛ընդունի օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հաւատարմագրերը եւ յետկանչագրերը:

Կառավարութեան առաջարկով, օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով կը հաստատէ, կը կասեցնէ կամ չեղեալ կը յայտարարէ վաւերացում չպահանջող միջազգային պայմանագրերը:

Նախորդ սահմանադրութեամբ, նախագահը կը ներկայացնէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, կ՛իրականացնէր արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր ղեկավարումը:

  1. Զինուած ուժերուն մէջ նախագահի լիազօրութիւնները որո՞նք են:

Նոր սահմանադրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահը, վարչապետին առաջարկով, օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով կը նշանակէ ու ազատ կը կացուցէ զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը, ինչպէս նաեւ, վարչապետին առաջարկով, օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով կը շնորհէ բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

Նոր սահմանադրութեամբ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը այլեւս նախագահը չէ, եւ պատերազմի պարագային այդ լիազօրութիւնները վարչապետին կը պատկանին:

Նախորդ սահմանադրութեամբ, նախագահը նաեւ ինքնուրոյն կը համակարգէր պետական մարմիններու գործունէութիւնը պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ, կը նշանակէր եւ ազատ կը կացուցէր զինուած ուժերու ու այլ զօրքերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը:

Հանրապետութեան վրայ զինուած յարձակման, անոր անմիջական վտանգի առկայութեան կամ պատերազմ յայտարարուելու պարագաներուն, ըստ նախորդ սահմանադրութեան, նախագահը կը յայտարարէր ռազմական դրութիւն եւ կրնար յայտարարել ընդհանուր կամ մասնակի զօրահաւաք, որոշում կ՛ընդունէր զինուած ուժերու օգտագործման մասին:

Պատերազմի ժամանակ հանրապետութեան նախագահը կրնար նշանակել եւ ազատ կացուցել զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարը: Սահմանադրական կարգին սպառնացող անմիջական վտանգի պարագային, խորհրդակցելով Ազգային ժողովի նախագահին եւ վարչապետին հետ, նախագահը կրնար յայտարարել արտակարգ դրութիւն, իրականացնել իրավիճակէն թելադրուող միջոցառումներ եւ այդ մասին ուղերձով դիմել ժողովրդին:

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ»-ը

Նախորդը

«Վարձքերնիդ Կատար»-էն Անդին…

Յաջորդը

Հայկական Հարցին Վերաբերող Օսմանեան Փաստաթուղթերու Հսկայ Հաւաքածոյ Մը 1931-ին Ծախուած Է Պուլկարիոյ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.