ՀՅԴ ներկայացուցիչները նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանի հետ անձամբ չեն հանդիպած, բայց անոր առաջադրման վերաբերեալ քննարկում ՀՅԴ-ի հետ տեղի ունեցած է. լրագրողներուն ըսած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
«Անձամբ անոր հետ պիտի հանդիպինք, մանրամասն պիտի լսենք զայն: Անձամբ հանդիպիլը շատ կարեւոր է` ընկալելու համար, թէ այս նոր փուլին որքանո՛վ համակարգին համապատասխան ծրագիրներ պիտի փորձէ իրականացնել: Մենք զայն կը ճանչնանք: Կը կարծեմ, որ անոր որակները իսկապէս կը համապատասխանեն այս պաշտօնին առաջադրուելու համար», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է չպաշտպանեն Հանրապետականի ներկայացուցած թեկնածուն, եթէ առաջադրուելու վերջնական համաձայնութիւնը տայ, Ռուստամեան ըսաւ. «Բնական է` վերջնական որոշում կայացնելը այսօր ճիշդ չէ, եւ այդ գործընթացը բազմակողմանի հանդիպումներու արդիւնքով պէտք է ըլլայ: Մենք կ՛ողջունենք այն, որ նախատեսուած են հանդիպումներ ո՛չ միայն խորհրդարանական ուժերու, այլեւ արտախորհրդարանական ուժերու, հասարակական մարզին հետ` գիտնականներ, մասնագէտներ, նաեւ սփիւռքի ներկայացուցիչներ: Վերջնական որոշում մենք ալ պիտի կայացնենք, մենք ալ չունինք այդ վերջնական որոշումը, շատ տրամաբանական է: Կարելի է, որ հանդիպումներու ընթացքին այնպէս եզրակացուի, որ ան չուզէ ըլլալ թեկնածու. մարդուն առաջարկած ենք, չէ՞, իսկ մենք անոր հետ հանդիպումներու արդիւնքով պիտի որոշենք»:
Ռուստամեան նշեց, որ իրենց հետ միայն Արմէն Սարգսեանի անունը չէ քննարկուած: «Մենք այլ թեկնածուներ ալ քննարկած ենք, բազմաթիւ անուններ այս ընթացքին քննարկման առարկայ դարձած են, բայց ամէնէն նախընտրելին, եղած չափանիշները նկատի ունենալով, այս փուլին ճիշդ էր Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը քննարկել: Մենք համաձայնած ենք, որ ան առաջադրուի նախագահի թեկնածու` այս փուլին», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի վերջնական որոշում տալուն, Ռուստամեանի համաձայն, իրենց համար ատիկա ընթացակարգ կը պահանջէ: «Ունինք ընթացակարգ. պէտք է քննարկուի թէ՛ Գերագոյն մարմինի, թէ՛ Բիւրոյի մէջ, քանի որ նախագահի հարցը համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարց է: Մենք պէտք է այդ քայլը կատարենք` միացեալ քննարկում եւ որոշում տալով: Առայժմ մենք այդ որոշումը չունինք», ըսաւ ան:



