Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական` «Նոր Յառաջ»-ի. Էրտողան` Հզօրութեան Գագաթնակէտին

January 22, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մաքրոն-Էրտողան նախագահական մամլոյ ասուլիսը Թուրքիա-Արեւմուտք երկդիմի փոխյարաբերութիւններու բացառիկ խտացումն էր: Ի՞նչ արժանիք ունի Մաքրոնի մաղթանքը` Թուրքիան եւրոպական արժէքներուն կառչած տեսնելու, երբ իր աչքին առջեւ Cash-investigation-ի լրագրող Լորան Ռիշարին Էրտողան այնպիսի շլացուցիչ պատասխան մը տուաւ, որ ո՛չ ինք` նախագահ Մաքրոն եւ ո՛չ ալ ոեւէ այլ լրագրող յանդգնեցաւ նոյնքան համարձակութեամբ, նոյնքան կոշտութեամբ հակազդելու: Էրտողան լաւ գիտէ հիւրընկալին հակազդեցութեան սահմանները: Կը խօսի ուժի դիրքերէ: Թուրքիան բնաւ ինքզինք այսքան զօրաւոր ու այսքան համարձակ չէ զգացած, որքան` Էրտողանի շրջանին: Եւ ասոր բուն պատասխանատուները արեւմտեան երկիրներն են: Անոնք են, որ Էրտողանին յանձնեցին զիրենք խարազանելու փայտը:

Եթէ ոեւէ լրագրող այդ նոյն հարցումը Թուրքիոյ մէջ հարցուցած ըլլար` հաստատ կ՛ամբաստանուէր կիւլէնական դաւադրութեամբ եւ իսկոյն բանտ կը նետուէր: Այս է բացայայտ իրականութիւնը: Ինչպէս որ Երրորդ աշխարհի այլ տիրակալ մը, եթէ նոյնքան ուժգնութեամբ հակառակէր Արեւմուտքի ցանկութիւններուն, անպայման ենթարկուած պիտի ըլլար տնտեսական կամ այլ պատիժներու: Բայց ոեւէ մէկ եւրոպացի չի յանդգնիր Էրտողանը ամբաստանելու կամ Թուրքիան տնտեսական պատիժներու ենթարկելու: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Էրտողան Արեւմուտքին` Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա, ծառայութիւններ մատուցած է, որոնց գինը կը պահանջէ: Էրտողանին պատասխանը Լորան Ռիշարին շատ դիպուկ էր` «իսկ ամերիկեան զէնքերու հայթայթո՞ւմը, ինչո՞ւ անոնց մասին հարցում չէք ուղղեր», եւ դեռ կրնար աւելի հեռուն երթալ, իսկ ֆրանսական, անգլիական, իսրայէլեան զէնքերու հո՞սքը… Կա՞յ մեծ երկիր մը, որուն ձեռքը արիւնի մէջ թաթխուած չէ սուրիական պատերազմի պարագային: Էրտողան բոլորին հետ գործակցած է քանդելու համար Սուրիան: Ան բոլորին ծառայութիւն մատուցած է, նոյնիսկ ռուսական հալածիչ մը վար առած է, Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները շրջան մը խզած, Պաշշար  Ասատի վարչակարգը քանդելու արեւմտեան ծրագրին սիրոյն:

Նախագահ Մաքրոնի արժանիքը Թուրքիոյ հետ երկդիմի յարաբերութիւններուն վերջ դնելու ցանկութեան մէջ կը կայանայ: Արդեօք պիտի յաջողի՞: Առաջին փորձը յաջող չէր: Թէեւ կարեւոր քայլ մըն էր: Ինչ որ բոլորը գիտէին, թուրքերէն սկսեալ, որ ԵՄ-ի մուտքը Թուրքիոյ առջեւ փակուած է, Մաքրոն յանդգնեցաւ Էրտողանի դիմաց յայտարարելու: Սակայն, փոխարէնը, Էրտողան անմիջապէս ստացաւ գործընկերութեան առաջարկը` հակառակ մարդկային իրաւունքներու ամէն տեսակի ոտնակոխումներուն, օրինական երկրի բոլոր տեսակի խախտումներուն: Ստորագրեց տնտեսական ու ռազմական գործակցութեան պայմանագրեր` ֆրանքեւթրքական առեւտրական փոխանակումներու ծաւալը բարձրացնելով 20 միլիառ եւրոյի …

Միջպետական այս հանդիպումին Էրտողան ձեռք ձգեց նաեւ ռազմավարական շատ մեծ յաղթանակ մը: Մաքրոնի բերնով վերստին յայտարարել տուաւ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) ահաբեկչական կառոյց մըն է: Ինք բոլորին ներկայութեան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գործող քրտական կազմակերպութիւնները ՔԱԿ-ի լծակից կառոյցներ են, որոնց դէմ իրաւասու է հակահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու, մինչ քիւրտերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող Արեւմուտքին դաշնակից գլխաւոր ուժն են եւ ինքնավարութեան համար պայքար կը մղեն թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ: Ուրեմն, նոյնիսկ քիւրտերուն նկատմամբ արեւմտեան ճակատին մէջ ճեղք մը յառաջացնող դիրքորոշում գրգռեց: Ասկէ զատ, ընդգծելի է նաեւ այս ասուլիսին տիրած լռութիւնը` Էրտողանի կողմէ Գերմանիոյ կառավարութեան անդամներուն յղուած «նացի»-ականութեան ամբաստանութիւններուն, Կիպրոսի հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի շրջափակման նկատմամբ…

Բնաջնջումի զանգուածային զէնքերու արտադրութեան շինծու պատրուակով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սատտամի վարչակարգի տապալումէն ետք, որուն դէմ էր Թուրքիան, որովհետեւ գիտակից էր, որ այդ քայլը իր սահմանին պիտի ստեղծէ քրտական անկախ պետութեան վտանգը, ան Սուրիոյ պատերազմին գործակցեցաւ արեւմտեան պետութիւններուն հետ` հիմնական նպատակ ունենալով արգիլել քրտական պետութեան մը ստեղծումը իր սահմանին եւ անշուշտ իսլամական աշխարհին մէջ առաջնորդի դերակատարութիւնը ստանձնելու այլ ռազմավարական նպատակ ալ հետապնդելով: Երբ ռուսական միջամտութիւնը փոխեց խաղին օրէնքը, Էրտողան իր ռազմավարութիւնը յարմարցուց նոր պայմաններուն: Ձեռք ձգեց նաեւ Ռուսիոյ հետ դաշնակցելու նոր խաղաթուղթ մը Արեւմուտքին դիմաց: Այսօր Թուրքիան դարձած է անշրջանցելի գործակից մը Միջին Արեւելքի բոլոր հարցերու լուծումին համար: Միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտ դաշնակից: Դարձած է Արեւելքէն Արեւմուտք ուժանիւթի փոխադրութեան տարանցիկ քառուղի: Երեքուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներու ապաստան տալով` ան Եւրոպան պատանդ առած է, որուն կը պարտադրէ իր խաղին օրէնքները: Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը բաւարար զէնք չէ Արեւմուտքի ձեռքին մէջ, որպէսզի ծունկի բերէ Էրտողանը, որ լաւ գիտէ իր մատուցած ծառայութեան արժէքը եւ անոր համար սուղ վճարել տալու եղանակը:

 

 

Նախորդը

2018-ի Շիրակի Մարզպետի Գլխաւոր Խնդիրը Պիտի Ըլլայ Զարգացնել Զբօսաշրջութիւնը

Յաջորդը

Արդարամիտ Թուրք Փրոֆեսէօրը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.