Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Մեծ Եւ Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Պոլ Ըպաւ Օլի Դէմ

January 19, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի

Երէկ` հինգշաբթի, 18 յունուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ սկսաւ Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքը` բացման երկու մրցումով:

Առաջին մրցումին Սաժես, որ ճակատեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբին դէմ, 95-72 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (10-14, 22-27, 13-22 եւ 23-27):

Այս խմբակին (Ա.) մէջ են նաեւ մարոքեան Սալա, թունուզեան Նաժըմ Սահելի եւ Ֆիլիփեան կղզիներու համալսարաններու ախոյեան խումբը:

Մրցումին ընթացքին ոտքի սխալ շարժումի մը պատճառով վիրաւորուեցաւ եւ պատգարակով դաշտէն դուրս բերուեցաւ Սաժեսի մարզիկներէն Ալի Մըզհեր: Անոր ստացած վնասուածքին վերաբերեալ այսօր յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնան հաղորդուիլ:

ՀՄԸՄ – Պոլ Ըպաւ Օլ երէկուան մրցումէն

Ինչ կը վերաբերի այս մրցումին յաջորդած ՀՄԸՄ – Պոլ Ըպաւ Օլ ճակատումին, անիկա աւարտեցաւ Արաբական աշխարհի ախոյեան ՀՄԸՄ-ի մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակով: ՀՄԸՄ 116-62 արդիւնքով (26-18, 50-34, 45-95 եւ 116-62) ջախջախեց իր մրցակիցը:

Այս խմբակին (Բ.) մէջ են նաեւ Ռիատի, թունուզեան Նաժըմ Ռատեսի եւ լիպիական Նասըր:

Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը.

Ուոլթըր Հոճ 28 կէտ 8 թրի փոյնթ, 8 էսիսթ, Էլի Շամուն` 9 կէտ, 3 թրի փոյնթ, Հայկ Կէօքճեան` 3 կէտ, Սեմ Եանկ` 26 կէտ, 8 ռիպաունտ, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 16 կէտ, 5 ռիպաունտ, Քարամ Մըշրեֆ` 9 կէտ, Սեւակ Քեթենճեան, 10 կէտ, 1 թրի փոյնթ, 5 ռիպաունտ, 5 էսիսթ, 6 սթիլ, Փաուլօ Պետիկեան` 2 կէտ, 3 ռիպաունտ, Թոտ Օպրայըն` 4 կէտ, 7 ռիպաունտ, Իսմայիլ Ահմետ` 7 կէտ, 6 ռիպաունտ, 8 էսիսթ, Վարանդ Քելեճեան` 4 կէտ, 6 ռիպաունտ, Քարիմ Զէյնուն` 2 կէտ:

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը Պէյրութի ժամանակացոյցով).

Սալա – Նաժըմ Սահելի 15:00
ՀՄԸՄ – Ռիատի 17:00
Մասաքի – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբ 19:00
Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս – Լուէյզի` 82-91

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.