Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի աստղագիտութեան հիմնարկի` Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած աշխատակից Տմիթրի Չուլքով վերադարձած է հայրենիք: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունէն ԱՓԱ-ին յայտնած են, որ Տմիթրի Չուլքով արդէն Ռուսիոյ տարածքին մէջ է:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ազրպէյճանի մէջ կորսուած է Ռուսիոյ քաղաքացի, Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի աստղագիտութեան հիմնարկի աշխատակից Տմիթրի Չուլքով:



