Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Երուսաղէմի Կրօնական Ու Միջազգային Նկարագիրը Պահել` Յարգելով Իւրաքանչիւր Կրօնի Իրաւունքները»

January 18, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտ, Եգիպտոսի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարի առաջին նիստին խօսք առնելով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ «անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքին տուեալները եւ պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները` Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու»: Ապա վեհափառ հայրապետը հետեւեալ 4 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.

1) Անհրաժեշտ է միջազգային համայնքին յիշեցնել, որ Երուսաղէմի գրաւումը Իսրայէլի կողմէ լայն չափով այլափոխեց Երուսաղէմի նկարագիրը եւ ներքին դրուածքը` յառաջացնելով իսլամ ու քրիստոնեայ բնակչութեան մօտ արտագաղթ եւ նոյնիսկ խախտելով յիշեալ երկու կրօններու իրաւասութիւնները սրբատեղիներուն առնչուած, հակառակ միջազգային համայնքին եւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն:

2) Միակողմանի որոշումներ եւ մենատիրական տեսակէտներ Երուսաղէմի գծով` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող եւ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ներկայութիւնը հարցականի տակ դնող, երբեք չեն նպաստեր շրջանին մէջ ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն յառաջացնելու ձգտող ճիգերուն:

3) Երուսաղէմի նկատմամբ քաղաքական որեւէ մօտեցում կրնայ աւելի բարդացնել եւ սրել ներկայ տագնապը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ապաքաղաքականացնել Երուսաղէմի հարցը` Երուսաղէմը նկատելով մայրաքաղաքը միաստուածեան երեք կրօններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաք` իսրայէլեան եւ պաղեստինեան վարչական միացեալ հովանաւորութիւնը վայելող:

4) Երուսաղէմը դարերու ընթացքին եղած է երեք միաստուածեան կրօններու համագոյակցութեան քաղաք: Հակառակ երբեմն յառաջացող ներքին զգայնութիւններուն` սրբատեղիներու նկատմամբ անոնց ունեցած իրաւասութեանց շրջագիծին մէջ, անոնք միշտ յանձնառու եղած են միջազգային ճանաչում ունեցող իրենց իրաւասութեանց իրավիճակին պահպանման: Արդ, ինչ ալ ըլլայ Երուսաղէմի նկատմամբ առնուելիք որոշումը խաղաղութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ, երեք կրօններու իրաւասութիւնները ճշդող իրավիճակը պէտք է պահել:

5) Իբրեւ նախկին ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ), կ՛ուզեմ յայտնել, որ ԵՀԽ-ի հիմնադրութենէն, 1948-էն սկսեալ, Երուսաղէմի հարցը խորհուրդի օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ գրաւած է: Խորհուրդին մօտեցումը եղած է համապատասխան ՄԱԿ-ի որոշումներուն. այլ խօսքով, սուրբ քաղաքը նկատած է եբրայական, քրիստոնէական ու իսլամական կրօններու միացեալ սուրբ քաղաքը:

6) Երուսաղէմը միշտ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած է քրիստոնէութեան համար` իբրեւ սուրբ քաղաք: Հոն կը գտնուին Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան առնչուած կարեւոր վայրերը: Երուսաղէմի մէջ հաստատուեցաւ առաջին քրիստոնէական եկեղեցին. Երուսաղէմէն ճառագայթեց քրիստոնէութեան լոյսը: Հետեւաբար, Երուսաղէմը պէտք է իր քրիստոնէական նկարագիրը պահէ անաղարտ, հոն պէտք է այցելեն բոլոր քրիստոնեաները` առանց դժուարութեան ու խտրութեան:

7) 638 թուականէն սկսեալ հայ եկեղեցին ներկայութիւն եղած է Երուսաղէմի մէջ իր ժողովուրդով, եպիսկոպոսով ու հոգեւորականներով: 1311-ին Եգիպտոսի Սուլթանը Երուսաղէմի հայ եպիսկոպոսին տուաւ պատրիարք տիտղոսը եւ ներկայ պատրիարքը 97-րդն է Երուսաղէմի հայոց: Հայոց պատրիարքութիւնը Երուսաղէմի մէջ ունի եկեղեցիներ ու սրբատեղիներ եւ այլ համայնքներու շարքին` իր իրաւասութիւնները, միջազգային օրէնքով ճանչցուած: Մեր ժողովուրդը կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան` պահպանելու իր իրաւունքները սուրբ քաղաքին մէջ:

Եզրակացնելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ միակողմանի մօտեցումներէն եւ պահել Երուսաղէմի միջազգային ու կրօնական նկարագիրը: Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց միաստուածեան կրօններուն միջազգային համայնքին հետ միասնաբար աշխատելու, որպէսզի Երուսաղէմը դառնայ խաղաղութեան ու արդարութեան քաղաք` հաւատարիմ իր հոգեւոր ու պատմական կոչումին:

Յայտնենք, որ միջազգային համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 300 կրօնական, պետական, քաղաքական ու ակադեմական բարձրաստիճան պատասխանատուներ` գլխաւորութեամբ Եգիպտոսի ու Պաղեստինի նախագահներուն:

Նախորդը

Վահէ Պէրպէրեան Իր «Ուրեմն» Մենաներկայացումով Հանդէս Կու Գայ 8 Ելոյթներով

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Ձերբակալուած Ռուս Գիտնականը Վերադարձած Է Ռուսիա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.