Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, 18, 19, 20, 21 եւ 25, 26, 27, 28 յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Վահէ Պէրպէրեան պիտի ներկայացնէ «Ուրեմն» մենաներկայացումը, որուն տոմսերը` 8 ելոյթներուն ալ, գրեթէ սպառած են: «Ազդակ»-ին հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին Վահէ Պէրպէրեան ըսաւ, որ «Ուրեմն» ներկայացման նիւթը սուտի մասին է. սուտը ամէն տեղ` անձնական կեանքին մէջ, սիրային յարաբերութիւններուն, կրօնի, քաղաքականութեան, հայկական մեր իրականութեան մէջ:
Ան յայտնեց նաեւ, որ որոշ մտահոգութիւն ունեցած է այս անգամ հանդէս գալով կատարելագործուած ներկայացումով, որովհետեւ անիկա բաւական յանդուգն է եւ կը ներառէ այնպիսի նիւթեր, օրինակ` ընկերային ցանցեր, որոնց այդքան ալ հաղորդ չէ սերունդ մը ամբողջ:
Վահէ Պէրպէրեան «Ուրեմն»-ը 12 անգամ ներկայացուցած է Լոս Անճելըսի մէջ, հազարաւոր հայեր ներկայ եղած են մենաներկայացումներուն: Ան ըսաւ, թէ հանդիսատեսին հակազդեցութիւնը առաջին օրէն շատ լաւ եղած է: Մէկական ներկայացումներով հանդէս եկած է Պոսթընի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Ներկայացումներուն ներկայ գտնուած են հայաստանցիներ, պարսկահայեր եւ արեւմտահայեր: Հետաքրքրական երեւոյթ է այս համախմբումը, որովհետեւ, ըստ անոր, բազմաթիւ չեն այն առիթները, տեղւոյն պատասխանատուներուն վկայութեամբ, երբ հայութեան բոլոր շերտերը կը հաւաքուին մէկ ձեռնարկի շուրջ:
Յունիսին Արժանթին, իսկ յուլիսի սկիզբը պիտի գտնուի Հայաստան, ապա` Իտալիա:
Ան նաեւ նշեց. «Երբ կը գնահատուի գործդ, որոշ ազատութիւն կու գայ աշխատանքիդ մէջ, գործդ աւելի իրական եւ խակ կ՛ըլլայ, արուեստի մէջ խակ գործը իրականն է, որքան աշխատիս գեղեցկացնելու գործը, անիկա կը տկարանայ, շատ եփած գործը վնաս է արուեստի պարագային»:
Վահէ Պէրպէրեան ցարդ ներկայացուցած է «Նաեւ», «Տակաւին», «Եւ այլն» եւ «Եթէ» մենաներկայացումները:



