Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես որոշեց այս տարեշրջանի աւարտին ծախու հանել ակումբին 9 ֆութպոլիստները, մանաւանդ որ ան իր կազմին կրած պարտութիւնը` Վիարէալէն (1-0) այդ ալ` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» իր մարզադաշտին վրայ, չկրցաւ մարսել:
Նշուեցաւ, որ Փերես չ՛ուզեր իր կազմին մէջ պահել բերդապահ Քէյլոր Նաւասը, յետսապահներ Ռաֆայէլ Վարանը, Նաչօ Ֆեռնանտէսը, Մարսելինոն, Աշրաֆ Հաքիմը, միջնապահ Լուքա Մոտրիչը, յառաջապահներ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, Կերըթ Պէյլը եւ Քարիմ Պենզեման:
Փերես այժմ մեծ աշխատանք կը տանի յառաջիկայ տարեշրջանին համար իր կազմին միացնելու Նէյմարը:



