Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Երկար Տարիներու Ջատագով Էտ Ռոյս Պիտի Հեռանայ Քոնկրեսէն

January 11, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս 8 յունուարին յայտարարեց, թէ որոշած է չմասնակցիլ այս տարուան քոնկրեսական ընտրութեանց` աւելցնելով, որ Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնին վրայ իր վերջին տարուան ընթացքին շեշտը պիտի դնէ երկրին սպառնացող արտաքին վտանգներուն աւելի ազդու կերպով դէմ դնելու ջանքերուն վրայ:

Նշենք, որ Ռոյս 1992-էն ի վեր կը ներկայացնէ Օրենճ Քաունթին, ուր կը բնակին մեծ թիւով հայեր. ան իր պաշտօնավարութեան առաջին օրերէն սկսեալ նեցուկ կանգնած է հայութիւնը յուզող հարցերուն, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն:

Ռոյսի յայտարարութենէն ետք, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դրուատեց անոր երկար տարիներու հայանպաստ քայլերը` լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս Արցախի մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու նպատակով անոր եւ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի համահեղինակած առաջարկները:

Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան յիշեցուց, թէ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը տարիներէ ի վեր մօտէն գործակցած է քոնկրեսական Ռոյսի հետ` երախտագիտութիւն յայտնելով Հայաստանի, Արցախի եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն արդարութիւն ապահովելու ջանքերուն ի նպաստ անոր տրամադրած աննկուն նեցուկին համար, միաժամանակ խոստանալով գործակցութիւնը շարունակել մինչեւ անոր պաշտօնավարութեան աւարտը` յաջողութիւն մաղթելով անոր ապագայ ծրագիրներուն:

Քոնկրեսական Ռոյս անդամ է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին. անցեալ տարի ան առաջնորդողի դեր ստանձնած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ ամերիկացի խաղաղ ցուցարարներու վրայ գործուած յարձակումը դատապարտող եւ անոր համար հաշուետուութիւն պահանջող արշաւին մէջ: Անցեալ հոկտեմբերին ան նաեւ մասնակցութիւն բերած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովին` քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողքին, շեշտելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման պայքարին նեցուկ կանգնելու եւ զինադադարը ամրապնդելու ջանքերուն կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Նախագահ Աունի

Յաջորդը

Վարդանեան. «Հայաստանի Մէջ Ընկերային Բնոյթի Մեծ Ցնցումներ Չեմ Կանխատեսեր»

RelatedPosts

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ  Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով
Հայկական

Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով

November 9, 2026
Զախարովա. «Ալեն Սիմոնեանի Ռուսիոյ Հասցէին  Մեղադրանքները Կը Խեղաթիւրեն Ճշմարտութիւնը»
Հայկական

Զախարովա. «Ալեն Սիմոնեանի Ռուսիոյ Հասցէին Մեղադրանքները Կը Խեղաթիւրեն Ճշմարտութիւնը»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.