Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԲԱԳԻՆ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆԱԾ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՔԵՍԱՊՑԻ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՎՐԷԺ ԳԼՆՃԵԱՆ-ԹՈՒՐԵԱՆԻ ՉԱՓԱԾՈՅ ԵՐԿԵՐԸ

November 10, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, երէկ` չորեքշաբթի, 9 նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթերցման հերթական նոր հանդիպում` նուիրուած բանաստեղծ Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի գործերուն:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց օրուան բանախօսը` ազգային հասարակական գործիչ Նշան Պասմաճեան:

Բնիկ քեսապցի, Ճեմարանաւարտ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտ տնտեսագէտ Նշան Պասմաճեան եղած է Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժա շրջանի ազգակերտ գործունեայ տարրերէն մէկը:

Անդամակցած է ազգային, կուսակցական եւ համայնքային զանազան մարմիններու, եղած է հիմնադիր թէ օգնական տնօրէն ազգային, կրթական հանրօգուտ հաստատութեանց, ինչպէս` Շարժայի միօրեայ վարժարանին… Ան նաեւ վարած է վաճառականական մեծ ընկերութեանց տնօրէնի պաշտօնը: Անոր տնտեսական մասնագիտութիւնն ու քեսապէն մինչեւ արաբական այլ շրջաններու մէջ իր հանրօգուտ կամաւոր ծառայութիւնը զինք թրծած են ազգային օրինակելի խառնուածքով: Արամ Ա. կաթողիկոս զինք պարգեւատրած է «Կիլիկեան ասպետ»ի շքանշանով:

Ներկայացնելէ ետք օրուան զեկուցաբերը` Ս. Գրիգորեան զայն հրաւիրեց խօսելու քեսապցի տաղանդաւոր բանաստեղծ Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի գրական գործունէութեան մասին:

Բանախօս Պասմաճեան, որ հիմնադիրն է nshanag.net կայքէջին, հայերէնով կ՛արտայայտէ ու կը գրէ ազգային, կրթական ու հոգեմտաւոր նիւթերու մասին: Այս առիթով ան ներկայացուց Քեսապ հայաւանի տաղանդաւոր բանաստեղծ Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանը:

Իր նախաբանին մէջ Նշան Պասմաճեան ներկաներուն ծանօթացուց Վրէժ Գլնճեան-Թուրեան մարդը, որ հակառակ ընկերային ու յատկապէս առողջական անողոք պայմաններուն, յաջողած է տոկալ ու շրջանցել բոլոր արգելքները: Ազգային ու հայրենասիրական խոր հաւատքով թրծուած` պատանի Վրէժ Գլնճեան-Թուրեան աւարտելէ ետք վեցերորդ դասարանը, փորձած է աշխատանքի ու կրթութեան զանազան մարզեր, Անթիլիասի մայրավանքէն Էջմիածին, իսկ ի վերջոյ թառած է Զմմառու վանքին մէջ: Զմմառու հոգեմտաւոր այս սրբավայրը, ինչպէս շատերը, նաեւ Վրէժը ներշնչած է ազգային, հոգեւոր խոր հաւատքով ու կուռ կամքով, որոնց արգասիքն են իր քերթողական երեք գործերը` «Սրտի բեկորներ» (սպառած), Հայրենի ղօղանջներ» եւ «Սէր, ափոսանք ու կարօտ»:

Ապա Պասմաճեան վեր առաւ բանաստեղծ Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի քերթողական գիծերը, որոնք կը յատկանշուին իրապաշտ, իմացական եւ երգիծական ոճով: Ըստ Պասմաճեանի, Վրէժ Գ. Թուրեան գրած է 263 բանաստեղծութիւններ, որոնց 195-ը հնչեակ է: Անոր գրական մօտեցումը կը տարուբերի կենցաղայինէն մինչեւ վերացական: Ապա Նշան Պասմաճեան անդրադարձաւ բանաստեղծի այժմու իրավիճակին, որ դժբախտաբար դատապարտուած է անկողինին ծառայելու` անողոք հիւանդութեան պատճառով:

Բանախօսը մէջընդմէջ ընթերցումներ կատարեց հեղինակի բանաստեղծութիւններէն: Անոր միացաւ Սեդա Գրիգորեան, որ հեղինակին գրական ոճը նկատեց դասական: Աւարտին Վանան Մանճիկեան ընթերցեց Վրէժ Գլնճեան-Թուրեանի «Անմոռանալի հայեացք» խորագիրով յօդուածը, որ լոյս տեսած է Հալէպի «Երթ» հանդէսին մէջ:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՀՈՐՄՈՆԱՅԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» ՆԻՒԹՈՎ

Յաջորդը

ԼԻՒՏՄԻԼԱ ԱԼԻՔԵԱՆԻ «ԻՄ ԼԻԲԱՆԱՆՍ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։