Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Իր Առաքելութեան Կիզակէտը Կը Դարձնէ Ընկերային Ծառայութիւնը

January 3, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ընկերային ծառայութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, որ Հայ եկեղեցին ըլլալով ժողովուրդին եկեղեցին, պէտք է ընկերային ծառայութիւնը դարձնէ առանցքային ներկայութիւն իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ:

Այս ծիրին մէջ ու ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի Կիներու լսարանը 187 ընտանիքներու, 17 ծերունիներու եւ 92 փոքրիկներու սրտերուն մէջ ցանեց ուրախութեան սերմեր` իր նախաձեռնած օժանդակութիւններու արշաւին միջոցով:

Կիներու լսարանի «Կապոյտ հրեշտակներ» անունով 49 կամաւորներէ բաղկացած բանակը անցնող շաբաթներուն ընթացքին իր թանկագին ժամանակէն տրամադրեց եկեղեցւոյն ու ժողովուրդին ծառայութեան: Կամաւորները պատրաստեցին Կաղանդի եւ յառաջիկայ քանի մը ամիսներու սեղանները ճոխացնող 24 տեսակ ուտեստեղէններ եւ այլ նուէրներ, ինչպէս` սառնարան, անկողին եւ այլն: Այս նուէրները ժողովուրդի զաւակներուն հասան կամաւորներու եւ միաբան հայրերու աշխատանքով: Վերջիններս այցելեցին  օժանդակութիւն ստացող ընտանիքներուն եւ աղօթեցին ու անոնց փոխանցեցին վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) եւս մատուցեց իր ընկերային ծառայութիւնը: Երեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2017-ին, ՀԵՀՈՄ-ականները շուրջ 200 կարիքաւոր ընտանիքի փոքրիկներ համախմբեցին ՀԵՀՈՄ-ի յարկին տակ եւ ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով անոնց համար խաղեր կազմակերպեցին ու նուէրներ բաժնեցին:

Նշենք, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով վեհափառ հայրապետը այցելութիւններ տուած էր «Թռչնոց բոյն», Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց, Ազունիէի Ազգային բուժարան, այդտեղի մամիկներուն, պապիկներուն ու որբերուն հետ Կաղանդ տօնած ու աւարտին նուէրներ յանձնած էր անոնց

Նախորդը

90 Տարիներու Փորձառութիւնն Ու Պատմութիւնը` Հարուստ Ու Պարտաւորեցնող Ժառանգութիւն

Յաջորդը

«Ռուբէն», «Գարեգին Նժդեհ» Եւ «Է. Ակնունի» Կոմիտէութիւններուն Նախաձեռնութեամբ Հարիւրաւոր Մանուկներ Զգացին Տօնական Բերկրանքը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.