Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նոլընտ յայտարարեց, որ սուրիական վարչակազմը միջազգային պատժամիջոցներուն վարչակարգի ելեւմտական կացութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան աճին լոյսին տակ յուսահատ դարձած է:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման Արաբական լիկայի նախաձեռնութիւնը մեռած է` վստահեցնելով, որ արաբական երկիրները Սուրիոյ կացութեան վերաբերեալ մեծագոյն պատասխանատուութիւնը կը կրեն, եւ անհրաժեշտ է Դամասկոսի վրայ մեծ ճնշումներ գործադրել: Ան աւելցուց, որ Թուրքիա եւս Դամասկոսի վրայ ազդելու իր ունեցած մեծ կարելիութեանց պատճառով պէտք է դերակատարութիւն ստանձնէ:
Ժիւփէ նշեց, որ ինք եւ իր եւրոպացի պաշտօնակիցները Պրիւքսելի մէջ իրենց յաջորդ ժողովին ընթացքին Սուրիոյ դէմ տնտեսական եւ ելեւմտական նոր պատժամիջոցներու հաստատումը պիտի քննարկեն: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարեց, որ Փարիզ պատրաստ է Սուրիոյ ազգային խորհուրդը ճանչնալու, պայմանաւ որ վերջինս ինքզինք կազմակերպէ:
Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ թրքական կառավարութիւնը կրնայ սուրիացի քաղաքայինները պաշտպանելու համար որոշ միջոցառումներ որդեգրել: Ան ըսաւ, որ այդ մէկը կատարելու կարողութիւնը կայ, սակայն հովանաւորութիւնը կարեւոր է:
Նշենք, որ Թրքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Թուրքիա պատրաստ է «սուրիացի քաղաքայինները պաշտպանելու համար ապահովական գօտի հաստատելու, եթէ այդ քայլին միջազգային եւ արաբական հովանաւորութիւն ապահովուի»: Աղբիւրները նշեցին, որ Անգարա իր քայլերը Քաթարի եւ Ուաշինկթընի հետ կը համակարգէ:
Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդականը աւելցուց, որ միջազգային ընտանիքը պիտի որդեգրէ որոշ միջոցառումներ, որոնց յանձնառու պիտի դառնան բոլոր երկիրները, ներառեալ` Թուրքիան:
Հիւրմիւզլիւ ըսաւ, որ թրքական կառավարութիւնը պիտի որդեգրէ միջոցառումներ` արգելք հանդիսանալու, որ զէնքերը քաղաքայիններու դէմ օգտագործուելու համար Սուրիա հասնին:
Ինչ կը վերաբերի արաբական նախաձեռնութեան, ան ըսաւ, որ Թուրքիա սուրիական կառավարութեան կեցուածքին կը սպասէ` աւելցնելով, որ Թուրքիա յոյս չունի, որ սուրիական ղեկավարութիւնը բռնի ուժի կիրարկումը դադրեցնելու որոշ քայլեր որդեգրէ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մտահոգութիւն յայտնեց մասնաւորաբար Հոմսի մէջ բռնարարքներու շարունակման առնչութեամբ` յայտարարելով, որ իր երկիրը փողոցին մէջ պատահածին համար անմեղ չի նկատեր: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ իր կարգին բացառեց Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան ընտրանքը` նախընտրելով ցուցարարներու սպանութիւնը դադրեցնելու նպատակով միջազգային ճնշումներու ընտրանքը:


