Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ` «ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԻՒՐԸ

November 9, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վահան Զանոյեան

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»ին համագործակցութեամբ, «Ազդակ»ի մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, այսօր «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Վահան Զանոյեանի «Եզրէն դուրս» բանաստեղծական գիրքի շնորհահանդէսը:

Վահան Զանոյեանը ատենապետն է ուժանիւթի միջազգային Փեթրոլիում Ֆայնենս ընկերութեան: 2009-ին եւ 2010-ին ան գործողութեանց գլխաւոր պատասխանատուն էր Պահրէյնի մէջ վերջերս հիմնուած Ուժանիւթի առաջին դրամատան: Նախորդ չորս տարիներուն ան ատենապետն ու գործադիր գլխաւոր պատասխանատուն էր ուժանիւթի միջազգային Փեթրոլիում ֆայնենս ընկերութեան, իսկ այդ թուականէն տասը տարիներ առաջ ան գործադիր գլխաւոր պատասխանատուն էր նոյն ընկերութեան, որ համաշխարհային մակարդակի վրայ` ուժանիւթի մարզին մէջ, ամէնէն շատ յարգուած խորհրդատուական հաստատութիւնն է: Զանոյեան ունի պատկառելի եւ երկար` 35 տարիներու պատմութիւն մը` ուժանիւթի ասպարէզին մէջ: Փեթրոլիում ֆայնենս ընկերութեան միանալէ առաջ, Զանոյեան վարիչ տնօրէնն էր Ուարթըն Էքոնոմեթրիք Ֆորքասթինկ Էսոշիէյթսի: Ուարթընի մէջ գտնուած ժամանակամիջոցին ան հիմնած է Միջին Արեւելքի Տնտեսական ծառայութիւնը, եւ ծառայած է իբրեւ այդ ընկերութեան մնայուն մասնագէտը` քարիւղի շուկաներուն կապակցութեամբ: Ան նաեւ վարիչ տնօրէնն էր տնտեսական խորհրդատուական բոլոր ծառայութեանց, տարածուած` Լատին Ամերիկայի, Ասիոյ, Կեդրոնական ծրագրուած տնտեսութիւններու, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային ու Ենթասահարայի Ափրիկէին: Զանոյեան իբրեւ խորհրդատու ծառայած է միջազգային ու ազգային քարիւղի բազմաթիւ ընկերութեանց, դրամատուներու, եւ այլ անձնական ու հանրային մարզի կազմակերպութեանց Միացեալ Նահանգներու, Միջին Արեւելքի, Ծայրագոյն Արեւելքի եւ Լատին Ամերիկայի մէջ: Նաեւ, ան ծառայած է իբրեւ տնտեսական եւ քարիւղի աւագ խորհրդատու` քարիւղ արտադրող բազմաթիւ երկիրներու կառավարութեանց մօտ: Ան ունի 35 տարիներէ աւելի մասնագիտական փորձառութիւն` ուժանիւթի շուկաներու վերլուծման, արտադրութեանց եւ սակացոյցի ռազմավարութեան ու ապագայի ուժանիւթի շուկաներուն գծով այն երկիրներուն հետ, որոնք քարիւղ եւ քարիւղ կ՛արտադրեն:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին եւ Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ ուսանած Զանոյեան կատարած է ռահվիրայի աշխատանք անցած չորս տասնամեակներուն` քարիւղ արտադրող երկիրներու քաղաքական տնտեսութեան եւ այդ երկիրներու զարգացման ընթացքի գործնական վերլուծումի ծիրին մէջ: Ան անդամ է Արտաքին յարաբերութեանց խորհուրդին: Ան ունի հրատարակուած բազմաթիւ մասնագիտական յօդուածներ ուժանիւթի յատուկ մամուլի էջերուն մէջ, ինչպէս նաեւ տուած է անհամար դասախօսութիւններ եւ կարդացած ճառեր` նոյն նիւթը արծարծող արհեստավարժներու գիտաժողովներուն ընթացքին: Ան նաեւ հրատարակած է բանաստեղծական երկու հատորներ:

 

 

Նախորդը

ՖՐԻՏՃՈՖ ՆԱՆՍԵՆ. ՎՏԱՐԱՆԴԻՆԵՐԻ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱԶՈՒՐԿՆԵՐԻ ԲԱՐԵԿԱՄԸ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔ» ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՅՈԲԵԼԻՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔՈՒՄ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։