Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

November 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին աւարտը կ՛ամրապնդէ արաբական աշխարհն ու արաբ ազգը: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ ընդդիմութեան դրական մօտեցում ցուցաբերելու` երկխօսութեան մասնակցութեան առումով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ապպաս Հաշեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Տար Ֆաթուայի վերաբերող հարցեր:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են մասնակցելու աշխատավարձի յաւելման առումով կատարուելիք խորհրդակցութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ հարցին յարմար լուծում մը ապահովել:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ նախարարութիւնը ոչ մէկ կապ ունի պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն ուշացման առումով:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ խիստ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին, եթէ Լիբանան չֆինանսաւորէ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի մերժեն Ազգային  երկխօսութեան նիստին մասնակցիլ, եթէ առաջնահերթութիւնը չտրուի Հըզպալլայի ապազինումի քննարկման:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Արաբական լիկային միջեւ գործակցութեան առումով այսօր ամէնէն խոցելին կը մնան արաբական կեցուածքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը իրենց համար կարմիր գիծ է` աւելցնելով, որ իրենք միջազգային ընտանիքէն չեն վախնար:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մեծ պետութեանց դեսպաններ չեն նախատեսեր, որ Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրուին, եթէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը կարելի չըլլայ ֆինանսաւորել:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի մաղթեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխուժացման նպատակով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հաղորդակցութիւնները յաջողութիւն արձանագրեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու որոշումը տալու նպատակով Լիբանանի կառավարութեան կողմէ քուէարկութիւն կատարել կը նշանակէ միջազգային բանաձեւերը խզել:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Հըզպալլա խոչընդոտած են Ազգային երկխօսութեան նիստը` պատճառաբանելով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով սուտ վկաներու գոյութեան հարցը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մուսա շեշտեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ իմաստուն քայլ մը պիտի ըլլայ առանց նախապայմանի Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցիլը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներէն, հաստատեց, որ նախագահը մտադրած է վերջնականապէս լուծել պետական նշանակումներուն հարցը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կառավարութեան որոշումն է: Ան աւելցուց, որ համախմբումը համաձայն է համամասնական դրութեան հիման վրայ որդեգրուելիք ընտրական օրէնքին:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան համակարգող Ֆարես Սուէյտ յայտնեց, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Պքերքէի դէմ կեցուածք չեն ճշդած եւ անոր հետ չեն գժտուած, հակառակ անոր որ «Արաբական գարնան» իմաստով անոնք Պքերքէի տեսակէտները չեն բաժներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր, որոնց շարքին` Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Մուսթաքպալ կուսակցութիւնը կ՛ամբաստանեն ապահովական «կղզիներ» ունենալու յանցանքով, որպէսզի ծածկեն եւ լուսարձակներէ հեռու պահեն իրենց գործած ոճիրները:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը պահանջած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծում կատարել:

ՊՔԵՐՔԷԻ մօտիկ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը բոլոր լիբանանցիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատու մը «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ նախկին փորձառութիւններէն մեկնելով, իրենք անկարեւոր կը գտնեն Լիբանանի ազգային երկխօսութեան վերսկսումը:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լիբանանի մէջ իր անձնական ներկայացուցիչը պիտի ընտրէ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներու անձնակազմէն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտանի հետ: Քննարկելէ ետք տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` Ուահապ յայտնեց, որ եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը մտածէ իր գումարները մսխել` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման համար, ապա աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ ան իր գումարները յատկացնէ Թրիփոլիի համեստ դասակարգին կացութեան բարելաւման:

 

 

Նախորդը

ԸՍՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵԹԷ ՍՈՒՐԻԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՉՅԱՐԳԷ, ԱՆՈՐ ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԱՃԻ

Յաջորդը

ԱՏՀԱՅԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՂՈՍԸՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։