Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբ. Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում

December 2, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ Մարօ Չուխատարեանին, հինգշաբթի, 30 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս-վաճառք:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սօսի Պոյաճեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ պիտի չփառաբանենք կամաւոր ընկերուհիներուն զոհողութիւնները, ո՛չ ալ հայկական ձեռարուեստի շքեղութիւնը, ո՛չ ալ պիտի ակնարկենք մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, այլ այսօր կը ներկայանանք պատգամով մը գօտեպնդուած` մեր նպատակն ու աշխատանքը տկարութիւն չեն ճանչնար: Ան ըսաւ, որ եթէ մեր շարքերը քիչ-քիչ նօսրանան, ո՛չ թիւը, ո՛չ քաղաքական կացութիւնը, ո՛չ ալ տնտեսական տագնապը կրնան արգելակ հանդիսանալ մեր սեփական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, մանաւանդ ազգային մեր գիտակցութիւնն ու կամքը փոխանցելու մեր նորահաս սերունդին:

Ան կոչ ուղղեց հայկական վարժարաններու բոլոր տնօրէններուն, որ բարձր կարգի աշակերտութիւնը առաջնորդեն դէպի այս ցուցահանդէսը, որպէսզի աշակերտները իրենց աչքերով տեսնեն զուտ հայկական ձեռարուեստը, եւ իրենց մէջ արթննայ նոր հետաքրքրութիւն մը, հոգ չէ թէ քանի մը հոգի ըլլան, թերեւս թաքուն ձիրքեր յաջողինք արթցնել անոնց հոգիներուն մէջ: Անպայման այս նուրբ ու գեղեցիկ ձեռարուեստը պիտի շարունակուի դարեր, այնքան ատեն որ մեր մէջ կ՛ապրի ազգային ջիղը, հայութեան ու հայրենիքի պաշտամունքը: Խօսքի աւարտին ան Ձեռարուեստի յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան սոյն ձեռնարկի յաջողութեան:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, թէ ուրախութեամբ կու գայ այս ցուցահանդէսին, որովհետեւ կ՛անդրադառնայ, որ մեր ազգային արժէքներու պահպանութեան համար տակաւին գործողներ կան, եւ բարեբախտաբար անոնց կը հանդիպինք ամէն բնագաւառի մէջ: Ասիկա կը նշանակէ, որ հակառակ մեր կեանքին մէջ ներխուժող նորաձեւութիւններուն, տակաւին ազգային արժէքները կը պաշտպանուին, կը յարատեւեն, եւ տայ Աստուած, որ վերստին յարութիւն առնեն նախկին թափով, որպէսզի մենք մեր արժէքներով կրկին ընձիւղինք: Ան հաստատեց, որ պէտք է հաւատալ, պէտք է պայքարիլ, պէտք է գործել եռանդով եւ խանդավառութեամբ` յուսալով, որ այդ խանդավառութիւնը նաեւ համաճարակի կը վերածուի մեր շրջապատին մէջ:

Խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը վարձքը կատար ըսաւ բոլոր անոնց, որոնք կը գործեն ցուցահանդէսի յաջողութեան համար եւ նաեւ քաջալեր կը հանդիսանան, որպէսզի այս ցուցահանդէսով մեր ձեռարուեստի նմուշները յարատեւեն: Սրբազան հայրը գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք խաչուհիներուն կողքին կանգնած զօրավիգ կը հանդիսանան ԼՕԽ-ին, որպէսզի իբրեւ Հայ օգնութեան միութեան մէկ միաւոր ի սփիւռս աշխարհի իր տարած եզակի աշխատանքին մէջ ըլլայ յարատեւող, միշտ մեր ժողովուրդին, հայրենիքին եւ ազգային արժէքներուն կողքին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին հայկական ձեռագործներու ընտիր հաւաքածոներ, յուշանուէրներ եւ զանազան զարդեղէններ: Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 8 դեկտեմբեր 2017, ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Նախորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (14). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Շարունակեցին Թղթակցութիւն Գրելու Իրենց Փորձերը

Յաջորդը

Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ». Արցախեան Արտադրութիւններու Ցուցահանդէս-Վաճառքի Բացում

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.