Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

November 27, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:

Արդարեւ, շաբաթ, 25 նոյեմբերի կէսօրին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը:

Կիրակի, 26 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:15-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն`  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր առաջնորդ սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ կ՛ապրինք ընկերութեան մը մէջ, որուն անդամները կը փորձեն իրենց անձերը ապահովել ինչքերով եւ նիւթեղէն միջոցներով` աւելցնելով, որ այս պատճառով մեր շուրջը արժէքներ կը քայքայուին: Ան  զգուշացուց ամէն տեսակի ագահութենէ, որ արժէք չի ներկայացներ, նաեւ նիւթական շօշափելի երեւոյթներով մեր կեանքը զօրացնելէ, որովհետեւ այդ երեւոյթները ուշ կամ կանուխ կը փոշիանան: Սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները պահելու այն բոլոր արժէքները, որոնք իբրեւ սրբութիւն հաստատուած են հայ ազգին կողմէ` կոչ ուղղելով չկորսնցնելու մարդկային արժանապատուութիւնը եւ աստուածային սրբութիւնը, որոնցմով միայն կրնանք ամրացնել մենք զմեզ այս աշխարհին մէջ: Ան յորդորեց նաեւ չտարուիլ արդիական հոսանքներէն, որոնք ժամանակաւոր են:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ բարերարներու, քահանայ հայրերու եւ ծառայողներու յիշատակին, նաեւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Տօնիկեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, Ս. Աստուածածինի տաճար ընծայումը իբրեւ օրինակ բերելով հրաւիրեց բոլորը իրենք զիրենք ընծայելու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրական գործին, որ պէտք է կատարենք ամենայն անկեղծութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ բծախնդրութեամբ: «Այս յատկութիւնները մենք տեսանք մեր սրբազան հօր մօտ, երբ ան ամենայն անկեղծութեամբ, բծախնդրութեամբ, հետեւողական աշխատանքով հիմնական դերակատարը եղաւ Ազգային միացեալ վարժարանի բացումին, որ մեզի համար երազ էր` իրականացաւ, նուաճում էր` իրագործուեցաւ», հաստատեց Տօնիկեան` աւելցնելով, որ հայ դպրոցը` եկեղեցւոյ կողքին, հիմնական տեղ կը գրաւէ մեր կեանքին մէջ:

Հայ դպրոցը հայապահպանման, հայակերտման, մարդակերտման ամրոց ու դարբնոց է եւ հայ դպրոցէն պիտի գայ նոր սերունդը, որ ստանձնէ հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին գիտակցօրէն ծառայելու պարտականութիւնը: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին եկեղեցւոյ:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով անդրադարձաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջանի հարուստ կենսափորձին` հայեցի դիմագիծին պահպանման իմաստով: Ան նկատել տուաւ, որ այդ դիմագիծին պահպանումը արժանաւորապէս կատարուեցաւ նոյնիսկ նահատակներու արեան գնով, շրջանը` իբրեւ Պուրճ Համուտի կարեւոր դարպասներէն մէկը, պահեց իր անառիկ դիրքը, աւելցնելով, որ այսօր եւս կը գտնուինք նոյն մարտահրաւէրին դիմաց, եւ հայկականութեան ճառագայթումն ու հայեցի դիմագիծի անշեղ պահպանումը մեր բոլորէն կը պահանջեն հաւաքական ճիգի ներդրում ու պատասխանատուութիւն: Հաւաթեան աւելցուց, որ ահաւասիկ այս շրջանին մերձակայ կանգնող Ազգային միացեալ վարժարանը կու գայ դարպասը աւելիով զօրացնելու եւ մեր ապագայի հաւաքական  երթը երաշխաւորելու: Այս իմաստով բոլորս կը գտնուինք պատասխանատուութեան անհրաժեշտութեան դիմաց` ի խնդիր լիբանանահայ գաղութի պատմական երթի շարունակութեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր կարգին կարեւոր նկատեց մեր անցեալէն կտակուած աւանդութիւններուն տէր դառնալու իրողութիւնը` յորդորելով ներկաները միասնակամութեամբ գործելու:

Ան նաեւ շեշտեց հայկականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւին Առիթով

Յաջորդը

Բոլոր Հայկական Վարժարաններուն Մասնակցութեամբ «Անսխալ Գրենք» Մրցումի Կազմակերպում

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ Նաւասարդեան Խաղերու Մեկնարկը Տրուեցաւ Փառաշուք Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ Նաւասարդեան Խաղերու Մեկնարկը Տրուեցաւ Փառաշուք Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ

October 23, 2026
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 22, 2026
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.