Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կողմերը Պէտք Է Ազնիւ Մտադրութիւններով Վերադառնան Բանակցութիւններու Սեղան» Կ՛ըսէ Կրեմինկըր

November 21, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի երկարատեւ տագնապը լուծելու միակ միջոցը կողմերու ազնիւ մտադրութիւններով բանակցութիւններու սեղան վերադարձն է: Այդ մասին «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըր` խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մասին:

«Երկարատեւ տագնապը լուծելու միակ միջոցը այն է, որ կողմերը ազնիւ մտադրութիւններով վերադառնան բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: ԵԱՀԿ-ն հարթակ կը տրամադրէ երկխօսութեան համար եւ կ՛աջակցի կողմերուն երկարաժամկէտ խաղաղութեան ձեռքբերման հարցին մէջ: Իսկ ատոր համար անհրաժեշտ է իրական քաղաքական կամք եւ կողմերու յանձնառութիւնը: Միայն տագնապին կողմերը կրնան հասնիլ խաղաղ լուծման: ԵԱՀԿ-ը չի կրնար տագնապի լուծում պարտադրել», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վիճակը եւ ի՛նչ քայլեր անհրաժեշտ են իրավիճակը բարելաւելու համար:

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ողջունած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ 16 հոկտեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը, որ «աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին այդ մակարդակով առաջին հանդիպումն էր»:

«Ես կ՛ողջունեմ այն փաստը, որ նախագահները պայմանաւորուած են միջոցներ ձեռնարկելու բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման եւ շփման գիծին վրայ լարուածութեան նուազման ուղղութեամբ: Խիստ անհրաժեշտ է, որ կողմերը պահպանեն 1994-ին հաստատուած զինադուլի դրութիւնը: Երեք համանախագահներուն ղեկավարութեամբ գործող Մինսքի խմբակը կը մնայ կողմերուն համար միակ ճանչցուած ձեւաչափը: Անիկա ԵԱՀԿ-ի բոլոր անդամ պետութիւններուն կողմէ կը վայելէ լիարժէք վստահութիւն», ըսած է Կրեմինկըր:

Ան աւելցուցած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը իր անձնական ներկայացուցիչին միջոցով կողմերուն հետ մշտապէս կապի մէջ են լարուածութիւնը ջնջելու եւ բանակցային հոլովոյթ յառաջ տանելու հարցին մէջ:

«Դիտորդական առաքելութիւնները, զորս պարբերաբար կը կատարէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը, կը շարունակեն մնալ զինուորական բնագաւառին մէջ վստահութեան ամրապնդման միակ կայուն միջոցը», աւելցուցած է Կրեմինկըր:

 

Նախորդը

Անգարա Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցով Յայտարարութիւն Պիտի Կատարէ

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Փոխնախարարները Մոսկուայի Մէջ Քննարկած Են Երկկողմանի Հետաքրքրութիւն Ներկայացնող Հարցեր

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.