Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1915-Ի ԵՂԵՌՆԻ ՅՈՒՇԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ ՏՈԳՈՐՈՒԱԾ` ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՐԱՖՖԻ ԹՈՔԱԹԼԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

November 4, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ նախկին առաջին տիկին Մոնա Էլիաս Հըրաուիի ու ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ հայ թէ ընդհանրապէս լիբանանցի բազմաթիւ արուեստասէրներու, երէկ` հինգշաբթի, 3 նոյեմբերի երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանի գործերու ցուցահանդէսին:

Ձեռնարկը կազմակերպած հաստատութեան` «Այտիազ Ֆաքթըր»ի հիմնադիր տնօրէն Մարք Տիքընսըն ողջունելով ներկաները բացուած յայտարարեց ցուցահանդէսը:

Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ արուեստագէտ Թոքաթլեանի կեանքին ու գործունէութեան` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով անոր արուեստի հիմնական յատկանիշները:

Իր կարգին, Մոնա Հըրաուի խօսք առնելով դրուատեց քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանը իբրեւ մարդ ու արուեստագէտ` վեր առնելով անոր գործերուն ներշնչած պատգամը:

Նմանապէս, այս առիթով «Ազդակ»ի հարցումներուն պատասխանելով, Հըրաուի խիստ բարձր գնահատեց արուեստագէտ Թոքաթլեանի քանդակները: Թոքաթլեանի արուեստին ընդմէջէն Հըրաուի դրուատեց նաեւ հայ արուեստը:

Քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեան ծնած է արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ: Անր մեծ հայրը Աբրահամ Թոքաթլեան նոյնպէս արուեստագէտ, մազապուրծ ճողոպրած է 1915-ի Ցեղասպանութենէն:

Թոքաթլեան մեծապէս ազդուած է մեծ հօր եւ հօր` Պօղոս Թոքաթլեանի ապրած դառն յիշատակներէն: Ցեղասպանութեան յուզախառն յուշերը ներշնչումի խոր պահերով տոգորած են զինք:

«Առասպել եւ իրականութիւն» թեմայով ներկայացուած Թոքաթլեանի գործերը արգասիքն են անոր կեանքի փորձառութեանց, ներշնչումին ու ապրումներուն: Ան մեծապէս ազդուած է եւրոպական, յատկապէս 15-րդ դարու իտալական վերածնունդի արուեստի տիտաններէն Տոնաթելլոյէն:

Անոր գործերը դրսեւորումն են կեանքի ի՛ր մօտեցման, ըմբռնումին ու փիլիսոփայութեանց գիրկընդխառնումին, ինչպէս` պատերազմ ու խաղաղութիւն, գեղեցիկ ու տգեղ, այլ խօսքով` առասպել ու իրականութիւն:

Թոքաթլեան հպարտութեան ու յուզումի խոր զգացումներով կը վերյիշէ այն պահերը, երբ իր հօր ու մեծ հօր հետ երեքով կողք-կողքի կը գծէին ու կը քանդակէին:

Րաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակի գլուխ-գործոցներու ցուցահանդէս-մակագրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 6 նոյեմբեր:

Այս առիթով, «Ազդակ»ին կատարած իր յայտարարութեամբ ան անդրադարձաւ իր ներշնչումի աղբիւրներուն, յատկապէս` կնոջ, բնութեան…

Այլ խօսքով` նայած, թէ ո՛ւր եւ ի՛նչ առիթով կը գտնուի արուեստագէտը, վստահաբար ներշնչումի աղբիւր մը կը գտնէ:

Այս գծով արուեստագէտներուն ու յատկապէս հայ երիտասարդութեան ըսելիք խօսքի մը մասին հարցապնդուելով, արուեստագէտ Թոքաթլեան ըսաւ. «Համակարգիչը շատ լաւ է, բայց համակարգիչէն անդին պէտք չէ մոռնալ նաեւ արուեստը»:

Պատմութիւնը, յատկապէս Ցեղասպանութեան անցեալի յուշերը արուեստի իր քանդակներուն ընդմէջէն դրսեւորելով, Րաֆֆի Թոքաթլեան յատուկ պատգամ մը կը փոխանցէ արուեստասէր նոր սերունդին` վայելել ներկան, բայց չմոռնա՛լ անցեալը` Ցեղասպանութեան «ճիտին պարտք»ը:

 

 

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

«ՍԵՄԵՐ» ՀԱՏՈՐԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։