Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նուիրուած Ժընեւի վեհաժողովին արդիւնքները հաշուի առնելով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին մինչեւ տարեվերջ կազմակերպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Ես կրնամ ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հարցով Ժընեւի վեհաժողովի արդիւնքները հաշուի առնելով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին մինչեւ տարեվերջ կազմակերպելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այդ հաղորդակցութիւնները նախատեսուած են` համաձայն 16 հոկտեմբերին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Զախարովա աւելցուցած է, որ կը քննարկուին նաեւ այլ ձեւաչափերով հանդիպումներ:
«Ինչ կը վերաբերի տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներուն, անոնք նոյնպէս չեն բացառուիր եւ մշտական փուլի մէջ են», աւելցուցած է ան:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան չէր հերքած, որ Արցախի տագնապի լուծման ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում նախատեսուած է:
Ան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած էր, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ հանդիպումը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ:


