Մամլոյ ասուլիս մը տալով Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի կազմերէն Նեպի Շիթ յայտարարեց, որ եգիպտացի Ահմետ Հաֆեզ նշանակուեցաւ խումբի նոր մարզիչ: Ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Նոր մարզիչը ներկայացնողը եղաւ Նեպի Շիթի նախագահ Ահմետ Մուսաուի:
Ան փոխարինեց վենեզուելացի Քի Քին, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով հեռացաւ պեքաայեան ակումբէն:
Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ (յառաջիկայ շաբաթ) եգիպտացի մարզիչը կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Անսարի դէմ:


