Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 9 նոյեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիելոռուսիան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նկատի ունենալով, որ մրցումը բարեկամական է, երկու խումբերուն մարզիչներն ալ անկէ առաջ մամլոյ ասուլիս պիտի չտան: Անոնք լրագրողներուն հետ պիտի հանդիպին մրցումէն ետք:
Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի կազմը տպաւորիչ ելոյթ մը ունենայ այսօր եւ փորձէ իր համակիրները գոհ ձգելով յաղթանակ արձանագրել:


