Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն մէջ որոշ տարրերու յառաջացուցած խռովարարութիւնները հերթական եւ սովորական հունէն դուրս եկան եւ անմիջապէս արժանացան տեղական, շրջանային եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան: Հարցին էութիւնը հանգամանօրէն բացատրուած է արդէն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատու գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ:
Անհրաժեշտ է լրատուական հարթութեան վրայ քանի մը դիտարկում արձանագրել: Նախ, անակնկալ չէր, թերեւս նոյնիսկ նախատեսելի, որ լիբանանեան կողմեր եւ լրատուամիջոցներ մեկնաբանական անդրադարձներ կատարէին պատահարներուն` հարցերը կապելով ներսուրիական իրադարձութիւններուն, հայկական կողմին վերագրելով պատուէրակատարի դերակատարութիւն: Աւելի՛ն. տեղահանուած-տեղահանողի հրապարակային ծանր ամբաստանութիւնները կու գային մտածել տալու, որ քաղաքական սուր քննադատութիւնը լիբանանեան եւ սուրիական սահմաններէն անդին հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու միջեւ լարուածութիւն յառաջացնելու կը միտէր:
Ահա ա՛յս կէտն էր փաստօրէն, որ կը բանար թրքական լրատուադաշտին ախորժակները խոշորացոյցները կեդրոնացնելու հայ-քիւրտ այսպէս ըսուած ընդհարումներուն վրայ: Ճիշդ այդ օրերուն զուգահեռ Թուրքիոյ մէջ սուր կերպով կը քննադատուէին պաշտօնական մօտեցումներուն մէջ շարունակաբար երեւցող միաժամանակ հայատեացութեան եւ քրտատեացութեան մօտեցումներն ու շեշտուած վարքագիծերը: Կը ձերբակալուէին ծագումով քիւրտ հրատարակիչ եւ բազմաթիւ առիթներով հայկական հարցերուն զօրավիգ կանգնող Ռակըպ Զարաքողլուն եւ իր որդին: Մինչ, Տիգրանակերտի քիւրտ քաղաքապետը Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բացման եւ առաջին Ս. պատարագին առիթով հայ ժողովուրդին կը յորդորէր վերադառնալ իրենց պատկանող հողերը…:
Ահա նման մթնոլորտի մէջ էր, որ կենցաղային հողի վրայ եւ զուտ թաղային պարունակի մէջ արձանագրուած պատահարները կը ստանային այն տարողութիւնը, որուն ականատես եղանք: Չէ բացառուած անշուշտ, որ հարցի շահարկումն ու գերքաղաքական մեկնաբանութիւնները տակաւին ծաւալին, հակառակ ճշդումներուն, հերքումներուն եւ լուսաբանումներուն:
Հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն միջեւ սեպ խրելու, հակասութիւններ յառաջացնելու եւ այդ հակասութիւններուն վրայ քաղաքական խաղերով զբաղելու թրքական վարքագիծը նոր չէ: Ակնկալելի է, որ իւրաքանչիւր հերթական պատահար նման շարժառիթներով լրատուական շրջանառութեան մէջ դրուի թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ:
Խնդիրներէն կարեւորագոյնը, որ կը դիմագրաւենք, հայկական լրատուադաշտին ներքաշումն է թրքական քարոզչական ծուղակին: Տեղեկատուական տրամաբանութեան հետ հաշտ չ՛ընթանար այն երեւոյթը, որ հայկական լրատուամիջոցներ նախ եւ առաջ շատ արագ, առանց վերապահութիւն նշելու, առաջնային տեղ յատկացնեն թրքական ապատեղեկատուական արտադրանքին: Պէտք է միաժամանակ արձանագրել, որ հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ փորձառութենէ մեկնած դիմեցին լիբանանահայ աղբիւրներու` ներկայացուածներուն ճշգրտութիւնը ստուգելու համար:
Չէ բացառուած, որ թրքական լրատուամիջոցները շարունակեն նման պատահարներու եւ անկէ բխած կացութիւններու մեկնաբանութիւնները կատարել պղտոր շարժառիթներէ մեկնած: Ապատեղեկատուութեան մէջ չներքաշուիլը, առարկայական լրատուութիւն կատարելը լրագրական ասպարէզի տարրական սկզբունքներուն մաս կը կազմեն: Հայկականի պարագային, այս բոլորին առընթեր մենք կը դիմագրաւենք նաեւ հայկական թիրախներ խփելու թրքական քարոզչական գործողութիւնները չէզոքացնելու հիմնական խնդիրը:
«Ա.»


