Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Ամերիկեան Օժանդակութիւնը Ուղղակի Քրիստոնեաներուն Հասցնելու Որոշումը

October 30, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» համաժողովին ընթացքին, ամերիկեան կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ պիտի որդեգրէ Հայ դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան համար աշխատանք տանող շարք մը այլ կազմակերպութեանց այն առաջարկը, ըստ որուն` Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւններուն մէկ մասը պիտի հասցէագրուի ուղղակի քրիստոնեաներուն եւ հալածուող այլ փոքրամասնութիւններու` ոչ կառավարական եւ կրօնական բարեսիրական կազմակերպութիւններու միջոցով:

Քաղաքականութեան այս յատկանշական փոփոխութիւնը, «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» համաժողովին ընթացքին` 25 հոկտեմբերին, յայտարարուած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի կողմէ: Նախապէս, նման օժանդակութիւններ սովորաբար ՄԱԿ-ի խողովակով կը կատարուէին:

Նշենք, որ այս տարի եւս համաժողովի հովանաւորներէն մէկն է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Վերջին հինգ տարիներուն, Հայ դատի յանձնախումբը եւ այլ կազմակերպութիւններ կը պնդէին, որ ՄԱԿ-ի միջոցով տրամադրուող օժանդակութիւններէն բաւարար նպաստ չի հասնիր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու, որոնք ցեղասպանական արշաւներու թիրախ դաձած են:

Իր ելոյթին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս ողջունեց ներկաները: Փենսի նշած կրօնական առաջնորդներուն շարքին էր յատկապէս Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանը: Ան նաեւ յիշեց Միջին Արեւելքի այն շրջանները, ուր քրիստոնեաներ կը հալածուին, եւ անոնցմէ մէկն էր «Հայկական բարձրաւանդակները»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր կարգին ողջունեց այս որոշումը, որուն շնորհիւ հալածուող քրիստոնեաներն ու այլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներ, ներառեալ` հայեր, օժանդակութիւններու իրենց արդար բաժինը պիտի կարենան ստանալ:

Միւս կողմէ, «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» համաժողովի փոխնախագահ Էնտրու Տորըն, կազմակերպութեան 5 առաջնահերթութիւններուն շարքին նշեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Յիշենք, որ այս տարուան համաժողովին նաեւ մեծարուեցաւ քոնկրեսական Քրիս Սմիթ (Հանրապետական, Նիւ Ճըրզի), որ նոյնպէս ողջունեց այս որոշումը:

Համաժողովին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր վարիչ Զաւէն Խանճեան:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւններու Նախաձեռնող Խումբի Ղեկավարն Ու Երկու Այլ Անդամներ Հրաժարած Են

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Ընտանեկան Բռնութիւններու Կանխարգիլման Նախագիծին Մէջ Փոփոխութիւններ Պէտք Են»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.