Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն նախաձեռնող խումբի ղեկավար Սարգիս Կիւլեկեչ եւ խումբի երկու այլ անդամներ հրաժարական տուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»:
Սարգիս Քիւլեկեչ, Անդօ Քէօսետաղ եւ Խաչիկ Ջանել հրաժարած են Պոլսոյ նահանգապետարանին մէջ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն վերաբերող հանդիպումէն ետք:
Հանդիպումին մասնակցած էին Պոլսոյ նահանգապետ Հասիփ Շահին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Սահակ Մաշալեան, Պոլսոյ հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի ղեկավար Պետրոս Շիրինօղլու, Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպումով զբաղող նախաձեռնող խումբի նախագահ Սարգիս Քիւլեկեչ եւ Պոլսոյ պատրիարքի նախկին փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան:
«Ակօս» նախապէս նշած էր, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանի Գերմանիա գտնուած ժամանակամիջոցին:
Նախաձեռնող խումբի անդամներու հրաժարականին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ կամ որեւէ բացատրութիւն չի հաղորդուիր: Նախաձեռնող խումբը Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին Պեքճեանի գլխաւորութեամբ Պոլսոյ նահանգապետարանին յանձնած էր պատրիարքի ընտրութեան կայացման մասին դիմումը` առաջարկելով ընտրութիւնը կատարել 13 դեկտեմբերին: Նահանգապետարանը համայնքին պէտք է պատասխան յղէր մինչեւ 9 հոկտեմբեր, սակայն սպասուած պատասխանը մինչեւ օրս չկայ:
Ատկէ ետք, Պոլսոյ հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի ղեկավար Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարած էր, որ պետութիւնը առարկութիւններ ունի Գարեգին արք.Պեքճեանի անձին ու նախաձեռնող խումբի շարք մը անդամներուն վերաբերեալ: Ի պատասխան ատոր, Պեքճեան նշած էր, որ պետութիւնը իրենց հետ կապ հաստատելու համար միջնորդներու կարիք չունի եւ իր առարկութիւնները կրնայ ներկայացնել բացէ ի բաց:


