Ուսի վնասուածքի պատճառով Քրեմլինի թենիսի բաժակի մրցաշարքէն բացակայած, Ռուսիոյ թենիսի առաջին դիրքը գրաւող Կարէն Խաչանով, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
21 տարեկան մոսկուահայ մարզիկը, որ ճակատեցաւ ֆրանսացի Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկայի դէմ, 7-6, 4-6 եւ 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 11 վայրկեան:


