«Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Լայսթըր Սիթիի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ֆրանսացի Քլոտ Փիւյել նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ, որ փոխարինեց պաշտօնանկ եղած անգլիացի Քրէյկ Շէյքսփիրը:
56 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2020:
Փիւյել անցեալին եղած է Մոնաքոյի, Լիլի, Լիոնի, Նիսի եւ Սաութհեմփթընի մարզիչ:
Նշենք, որ այժմ, «Փրեմիեր-լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանէն ետք, Լայսթըր Սիթի 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը:


