Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ «Պի. Ին.-Մետիա Կրուփ» ընկերութեան նախագահ Նասեր Խելայիֆի հարցաքննուեցաւ Զուիցերիոյ դատարանին կողմէ:
Goal.com հաղորդեց, որ կաշառակերութեան յանցանքով ամբաստանուած Խելայիֆի դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ 25 հոկտեմբերին:
Ան ՖԻՖԱ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքէի հետ կ՛ամբաստանուի շարք մը մեղադրանքներով, որոնց կարգին` 2018-2030 թուականներուն մոնտիալի մրցումները պատկերասփռելու իրաւունքը շահելու հարցով կաշառակերութեան պատճառով:
Ցարդ պաշտօնական վճիռ չէ արձակուած այս դատավարութեան գծով:


