9 նոյեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Պիելոռուսիոյ դէմ: Այս մրցումէն 4 օր ետք, Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորած խումբը Երեւանի մէջ պիտի կատարէ այլ մրցում մըն ալ, այս անգամ` Կիպրոսի դէմ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մուտքերուն մօտ գտնուող տոմսարկղերուն մէջ արդէն իսկ սկսած են ծախուիլ տոմսերը:
2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն տոմսերուն գիները, որոնք կ՛արժէին 4000-10.000 դրամ, այժմ քիչ մը աժանցած են:
Արեւմտեան թրիպիւնին տոմսերը կ՛արժեն 4000-5000 դրամ, արեւելեանինը` 3000-4000 դրամ, իսկ հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւններունը` 2000 դրամ:


