
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քմաթի, Մոհամետ Սայիտ Խանսա, նախկին երեսփոխան Ամին Շըրրի, Մոհամետ Սալեհ եւ Ալի Տահեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնելու հեռանկարները:
Երեսփոխան Բագրատունի եւ Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը ողջունեցին անցնող ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած նուաճումները, որոնց շարքին` ընտրական նոր օրէնքի, պետական ամավարկի եւ աշխատավարձի յաւելումի վաւերացումը:
Հանդիպումին ներկաները ընդգծեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները 2018 մայիսին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:


