Լիբանանի ձկնորսներու միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց Լիբանանի ձկնորսութեան մարզական ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 56 անձեր` լիբանանեան տարբեր շրջաններէ:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Նահր Քելպէն Անթիլիասի շրջակայքը, ցամաքէն դէպի ծով 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Կազմակերպիչները այս ախոյեանութեան իբրեւ կարգախօս ընտրած էին «Փոքրիկ ձուկերը կը վերադարձնենք ծով»-ը:
Առաջին դիրքը գրաւեց Ժան Արապ-Ուաէլ Տաղեր զոյգը, որ կրցաւ որսալ 7 քկ, 400 կրամ ձուկ: Իսկ երկրորդ հանդիսացաւ` Անթուան Մըղայզել – Իմատ Իմատ զոյգը (6 քկ, 80 կրամ), եւ վերջապէս երրորդ` Ուատիհ եւ Ռաուատ Հատտատ զոյգը (5 քկ, 100 կրամ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ միութեան նախագահ Հալիմ Մահպուպ Նաքուրի եւ այլ անդամներու:
Յայտնենք, որ մասնակիցներէն ոմանք իրենց որսացած ձուկերը, որոնք կշռեցին աւելի քան 25 քկ, նուիրեցին բարեսիրական հաստատութիւններու:


