Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ալաշկերտ, որ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Փիւնիկին, 1-0 արդիւնքով նուազագոյն յաղթանակ մը արձանագրեց, շնորհիւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեանի նշանակած կոլին (7-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ալաշկերտ 20 կէտով ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ 3 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Շիրակ Գիւմրիի վրայ, որ այս հանգրուանին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Արարատի դէմ իր կատարած մրցումին: Արամ Քոչարեան (44-րդ) եւ Գարեգին Կիրակոսեան (79-րդ) նշանակեցին հիւրընկալ կազմին կոլերը, իսկ Իկոր Սթանոյեւիչ (35-րդ` փենալթիով) եւ Արամ Մուրատեան (39-րդ)` Շիրակի կոլերը:
Վերջապէս, վերջին մրցումին, Գանձասար-Կապան 2-0 արդիւնքով յաղթեց Բանանցին:
Ալեքս Ժունիոր (60-րդ) եւ Գեղամ Յարութիւնեան (83-րդ) նշանակեցին Գանձասարի 2 անպատասխան կոլերը:


