Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱԿՈՒՄԲ

November 2, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեսրոպեան վարժարանը, իր բոլոր բաժիններով հանդերձ, նոր` 2011-2012 ուսումնական տարին սկսաւ մեծ աշխուժով ու ոգեւորութեամբ: Վերամուտի հեւքը դեռ չմեղմացած, առանց դոյզն դադարի, վարժարանի տնօրէնութիւնը լծուեցաւ Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբը ոտքի հանելու խիստ օգտաշատ եւ պատասխանատու գործին:

Շաբաթ, 8 հոկտեմբերի առաւօտեան  ժամը 11-ին, դպրոցի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ իւրօրինակ  ջերմութիւն մը կար: Տարբեր դասարաններու աշակերտներու  ծնողներ հաւաքուած էին ծանօթանալու մարզամշակութային ակումբի նոր ծրագրին, որ ինչպէս յայտնի պիտի դառնար  քիչ ետք, որակական նոր յատկանիշներ կը խոստանար:

Վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի բարի գալուստի խօսքերը անկեղծ ժպիտներով ընդունուեցան: Ներկաներուն համար գաղտնիք չէր, որ եթէ դպրոցը նոր ծրագրի մը առաջարկը կը ներկայացնէր, ապա այդ ծրագիրը իրենց ուշադրութեան կը յանձնուէր պատշաճ  ուսումնասիրուելէ եւ մշակուելէ ետք միայն:

Իրաւացի են ծնողները: Մարզամշակութային գործունէութիւնը խիստ կարեւոր նկատելով փոքրերու եւ պատանիներու մարմնական ու մտաւոր առողջ զարգացման համար Անի Թորանեանը (Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբի գլխաւոր պատասխանատու) փաուըր-փոյնթով բծախնդրօրէն կազմուած նոր ծրագիրը ցուցադրելէ զատ, ծնողներուն մանրամասնօրէն բացատրեց նաեւ իւրաքանչիւր շարժումի յատկանշական առաւելութիւնները, որպէսզի անոնք լաւագոյնս ուղղորդեն իրենց զաւակները:

Մարզամշակութային ակումբին նոր  ծրագիրը, որ նախատեսուած է որպէս շաբաթավերջի արտադպրոցական շարժում, այնքան հարուստ ու բազմաբնոյթ է, որ կը յաւակնի գոհացնել տարաբնոյթ հետաքրքրութեան տէր իր աշակերտներէն շատ-շատերը:

Ծրագրին մաս կը կազմեն թատերական, նկարչական, խեցեգործական, բեմագրութեան լուսանկարչական, ճատրակի, հայկական պարի, Եւրոպական եւ լատինամերիկեան պարի, ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, մարմնամարզի եւ մարտարուեստի խմբակները:

Վարժարանի տնօրէնութեան հեռահար նպատակն է իր  շնորհալի աշակերտներուն աջակցիլ այնպէս, որ մօտ ապագային անոնք հանրութեան մէջ առանձնանան իրենց փայլուն անհատականութեամբ:

Ինչպէս բոլոր ազնիւ նպատակները, այս մէկն ալ, վստահ ենք, յաջողութեամբ կը պսակուի: Գրաւականը մեր գիտակից ծնողներու սերտ համագործակցութիւնն է:

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ

Մեսրոպեան դպրոցի տնօրէնութեան որոշումէն ուղիղ շաբաթ մը ետք, 14 հոկտեմբերի երեկոյեան, աշխատանքային սեղանի շուրջ մէկտեղուած էին մարզամշակութային ակումբի բաղկացուցիչ մասնագիտութիւններուն արհեստավարժ բոլոր ներկայացուցիչները.

Թատերական` Անի Թորանեան, նկարչական` Գէորգ Ուրաշեան, խեցեգործական` Վարդան Աւէսեան, լուսանկարչական`  Րաֆֆի Պէրպէրեան, ճատրակ`  Էլի Հուլիշեան, հայկական, լատինօ-ամերիկեան եւ եւրոպկան պար` Նատիա Զաաթերեան, փինկ-փոնկ` Նոէլ Քէշիշեան, պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ` Գրիգոր Մեսճեան, մարտարուեստ` Յարութ Ադամեան:

Ընդամէնը մէկ ժամուան ընթացքին քննարկուեցան եւ ըստ այնմ որոշումներ տրուեցան` մարզական եւ մշակութային տասներկու տարբեր խմբակները լաւագոյն ձեւով հունաւորելու:

Ժողովին անմիջապէս յաջորդող առաւօտեան ժամը 9-ին, աւելի քան 240 մեսրոպեանցիներ իրենց պարտաճանաչ ծնողներուն հետ միասին հաւաքուած էին դպրոցի շրջափակին մէջ: Իւրաքանչիւր աշակերտ իր ընտրած խմբակին ղեկավարին կը սպասէր, որպէսզի սկիզբ առնէր նախասիրութիւնները առողջ հիմքի վրայ դնելու ընթացքը: Մեսրոպեանի տնօրէնը` Կ. Գալուստ, անհատ առ անհատ ծնողներուն ներկայացուց խմբակներուն ղեկավարները, բացատրելով եւ յորդորելով, որ դրական արդիւնքի մեծագոյն գրաւականը պարտաճանաչութիւնն ու հետեւողականութիւնն են, եւ բոլոր մասնակիցներէն գերագոյն լրջութիւն կ՛ակնկալուի: Ի վերջոյ նպատակը մեր երեխաներուն առողջ, հայեցի ու բազմակողմանի զարգացումն է, իսկ դպրոց-ծնողք սերտ համագործակցութիւնը ընդունակ է հարթելու բոլոր դժուարութիւնները:

Շատ չանցած` աշակերտներէն իւրաքանչիւրը իր խումբի ղեկավարին առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ դէպի նշանակուած տարածքը կամ դասարանը, այդպիսով հաստատելով Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբին մեկնարկը:

Խանդավառութեամբ շնչող մթնոլորտի ազդեցութեան տակ երիտասարդ ծնողներէն շատեր նոր միտքեր ու առաջարկներ ներկայացուցին տնօրէնութեան:  Առաջարկները արդէն քննարկումի սեղանին են եւ լուծումները երկար սպասել չեն տար:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Նախորդը

ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.