ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Կիրակի կէսօր` խորոված, արաբերէն, յունարէն, հայերէն երգեր… իսկ փակումը` թրքերէն:
Այո՛, Աուքարի մէջ հայ ընտանիք, հայ դրացի, հի՞ւրը` հայ երգչուհի, իսկ երգը` թրքերէն: Ամօթ ըսուածը ո՞ւր մնաց… այս վերջին տարիներուն ան գնա՜ց անվերադարձ:
Այդ կէսօր մենք ալ հիւրեր ունէինք, որոնք մեզի պէս ապշահար` չուզեցին հաւատալ իրենց լսածին: Սակայն, ցաւ ի սիրտ, եղածը իրականութիւն էր: Ու երբ երգը բաւական յանդուգն կերպով բարձրացաւ, չդիմանալով` ընդհատեցի անոնց ելեկտրականութիւնը: Սակայն չէ՞ որ ամօթը անվերադարձ գնաց, անոնք առանց ամչնալու ու տատամսելու` աւելի եւս բարձրացուցին «երգ»-ը:
Աշխարհի վե՞րջ… Ա՛յս է աշխարհի վերջը, երբ մարդ արարածը դադրի թշնամին ճանչնալէ, երբ մարդ արարածը կորսնցնէ իր արժանապատուութիւնն ու ամչնալու զգացումը, երբ մարդ արարածը դադրի ՄԱՐԴ ըլլալէ:
Է՜հ, սիրելի՛ սուրբ նահատակներ, դուք չծախելով ձեր արժանապատուութիւնը` կախաղան բարձրացաք, անձնասպան եղաք, ենթարկուեցաք անմարդկային չարչարանքներու ու սպաննուեցաք ամենայն արժանապատուութեամբ… սակայն արդեօք կ՛երեւակայէի՞ք, որ մահուան գնով ձեր պահածը ձեր ժառանգորդը վայելքի գնով պիտի ծախէ:


