ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Տարօրինակ է մեր ժողովուրդը. Շա՜տ տարօրինակ ենք նաեւ մենք` լիբանանահայերս: Մոռացկոտ դարձած ենք եւ` շատ արագօրէն:
Կը յիշէ՞ք` քանի մը տարի առաջ Պէյրութ-Երեւան օդանաւային տոմսերու սղութեան մասին որքա՜ն դժգոհութիւն կար: Օրին տոմսերուն գինը կը տարուբերէր 600-800 ամերիկեան տոլարի միջեւ: Արդար էր ժողովուրդին ընդվզումը: Մամուլին մէջ լոյս տեսան անթիւ յօդուածներ, որոնք հայրենի «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան մասին ինչե՜ր ըսես` չգրեցին: Իրերայաջորդ, անթիւ, բերանացի եւ գրաւոր բողոքներ` խիստ եւ նոյնիսկ վիրաւորական: Ատենին ես ալ մասնակից դարձայ` այդ մասին գրելով:
Յանկարծ կացութիւնը փոխուեցաւ: Լիբանանեան օդանաւային ընկերութիւնը (MEA) սկսաւ Պէյրութ-Երեւան ուղղակի թռիչքներու եւ դիւրացուց հայրենիք երթուդարձը: Դժբախտաբար, սակայն, տոմսերու գիները գրեթէ նոյնը մնացին եւ զարմանալիօրէն այս անգամ դժգոհութիւններ եւ բողոքներ չկային…
Չխորհիք, որ մեր տարօրինակութիւնը այսքանով կը սահմանափակուի: Կայ աւելին. Գնահատանքով չարձագանգեցինք այս դրական զարգացումին: Մոռցանք մեր գնահատանքը արտայայտել մեր հայ նախարարին, երեսփոխաններուն եւ Հայաստանի դեսպանին, որոնց «ճնշում»-ին շնորհիւ էր, որ բացուեցաւ օդանաւային այս գիծը: Գիծ մը, որ շահաբեր էր Լիբանանի օդանաւային ընկերութեան համար` նկատի ունենալով ճամբորդներու մեծ թիւը:
Աւելի դրական զարգացումով մը` հայրենի նոր ընկերութիւն մը (Air Armenia) սկսաւ Երեւան-Պէյրութ թռիչքներ կազմակերպել: Արդիւնքը եղաւ այն, որ շաբաթական քանի մը թռիչքներ սկսան կազմակերպուիլ, եւ տոմսերուն գիները մեծ նահանջ արձանագրեցին: Ճամբորդական գրասենեակներ սկսան աւելի յարմար գիներով եւ լաւ սպասարկութեամբ տոմսեր առաջարկել: Մրցակցութիւնը նուազեցուց տոմսերուն գիները` հասցնելով 300 տոլարի սահմաններուն…
Դրակա՞ն է այս փոփոխութիւնը: Անշո՛ւշտ դրական է, շա՜տ դրական: Նկատած ըլլալու էք, որ շատ աւելի մեծ թիւով լիբանանահայեր հայրենիք կ՛այցելեն: «Կարճցած» է դէպի Երեւան ճանապարհը, այնքան մը, որ բազմաթիւ արաբ լիբանանցիներ նաեւ Հայաստան կ՛այցելեն ծանօթանալու համար մեր չքնաղ հայրենիքին:
Այս շատ դրական երեւոյթին մասին պիտի խօսի՞նք, պիտի գրե՞նք, թէ՞ արգիլուած է:
Անցեալ սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ կազմակերպուած համահայկական ժողովին մեծագոյն պատուիրակութիւններէն էր լիբանանահայութեան պատուիրակութիւնը:
Հայրենիքի մէջ կազմակերպուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 102-րդ տարեդարձի ձեռնարկներուն զգալի թիւ էին այնճարցիները: Անոնց մասնակցութիւնը տօնակատարութեան` աւելիով խանդավառեց ժողովուրդը:
Հիմա դուք ըսէք` տարօրինակ չե՞նք:
Ձեզմէ ոմանք կրնան ըսել, թէ ի՛նչ ընենք, այսպէս է մեր ժողովուրդը: Աւելին մուսալեռցին կ՛ըսէ` «Ատ թապահաթ ի, գապահաթ չի»: Այսինքն այդ մէկը յանցանք չէ, այլ` բնաւորութիւն: Համոզուեցա՞ք, որ իսկապէս տարօրինակ ենք: Մաղթենք, որ այս յատկանիշը ժառանգական չէ հայութեան մէջ, եւ զայն կարելի է սրբագրել…
Կարեւորը` կարճցած է Երեւանի ճանապարհը, սիրելի՛ ժողովուրդ. աչքերնիդ լոյս:
25 սեպտեմբեր 2017
Երեւան


