ՍԻԼՎԻ ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԱԶԵԱՆ
Այբուբեն բիւրեղեայ,
Կաթնաղբիւր կենարար,
Բալասան ցաւերու,
Անուշ բոյր ծաղիկներու,
Աղօթք, սէր ու նշխար
Մանկանց սուրբ աշխարհ:
Մեղրածորան մի վտակ,
Յորդառատ ու կենսունակ,
Հմայիչ դաշնակութիւն,
Փառք, պատիւ ու մեծարանք.
Ժանեակի հիւսուածք,
Գոհարները ընդելուզուած,
Ոսկեղինիկ զուտ բարբառ,
Հայոց լեզու գեղատառ:
Բառամթերք փառաւոր,
Նորակերտ ու հինաւուրց,
Ճամբորդութիւն յաւերժական,
Տաղ, երգ, արձակ ու զրոյց:
Հրաշագեղ մի աշխարհ,
Երկարաշունչ մի պտոյտ,
Առինքնող մի գեղօն,
Հայոց լեզո՛ւն անձանձրո՛յթ:
Պատի՛ւ, յարգա՛նք, ակնածա՛նք,
Քեզ վառ պահող քերթողին,
Ծաղկող, գրող, մշակող,
Ուշիմ արհեստաւորին:
Խօսող, լսող, կարդացող,
Մտաւոր, շինականին.
Դասախօս, դպրոցական,
Տատիկ, պապիկ, քաւորին:
Մնաս անթառամ, անպարոյր,
Նման աստղերու ոսկեթոյր.
Ապրիս յաւե՜րժ, ժառանգ որդւոց,
Լինե՛ս անշէջ, կրակի բո՛ց.
Շնորհաշա՜տ սիրոյ հնոց:
11-10-2017 Փարիզ



