«Միրըր» կը հաղորդէ, որ նախապէս տղոց թենիսի աշխարհի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող սերպ Նովաք Ճոքովիչ իր հայրենիքին մէջ ճաշարան մը բացաւ: Անիկա անվճար սնունդ պիտի տրամադրէ կարիքաւոր մարդոց:
«Գումարը խնդիր չէ: Ես շահած եմ այնքան, որ ամբողջ Սերպիան կրնամ կերակրել: Կը կարծեմ, որ կարիքաւոր մարդիկը արժանի են ասոր», յայտնեց ան:
Յայտնենք, որ 12 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած Ճոքովիչ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով նախորդ յուլիսին աւարտեց այս տարեշրջանը` լաւապէս պատրաստուելու համար 2018 տարուան:
Ճոքովիչ երկու այլ ճաշարան եւս ունի, մէկը Պելկրատի մէջ, իսկ միւսը` Մոնթէ Քարլոյի մէջ:


