«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ազգային ֆութպոլի խումբերու ախոյեանութեան վիճակաձգութեան ընթացքին Հայաստան եւ Ազրպէյճան մաս պիտի չկազմեն նոյն խմբակին: Նոյնն է պարագան նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ:
Հայաստան յայտնուեցաւ Դ. կարգի խմբակին մէջ, մինչ Ռուսիա` Գ. կարգի խմբակին մէջ:
Այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին Եւրոպայի 55 երկիրներու ազգային խումբեր, որոնք պիտի բաժնուին չորս կարգի խմբակներու, իւրաքանչիւրը` ըստ իր ունեցած վարկանիշին:
Անոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 յունուար 2018-ին:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումները կը սկսին սեպտեմբեր 2018-ին: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ յունիս 2019-ին:


