«Մունտօ Տեփորթիւօ» հաղորդեց, որ Պարսելոնա պիտի շարունակէ իր ելոյթները Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») եւ Սպանիոյ բաժակի մրցաշարքին մէջ, նոյնիսկ եթէ Քաթալոնիա իր անկախութիւնը հռչակէ Սպանիայէն:
Պարսելոնա, որ կ՛անդամակցի քաթալոնական ֆութպոլի ֆետերասիոնին, չի պատրաստուիր բաժնուիլ Սպանիոյ ֆետերասիոնէն:
Սպանական «Լա լիկա»-ն եւս չի մտածեր Պարսելոնան ախոյեանութենէն հեռացնելու մասին` նկատի ունենալով, որ ատիկա պատճառ պիտի դառնայ պատկերասփիւռէն ուղղակիօրէն սփռուող մրցումներու եկամուտներուն իրաւունքներուն 30-40 տոկոսով նուազեցման: Իրադարձութիւններուն այսպիսի զարգացումը պիտի ազդէ «լա լիկա»-ի բոլոր խումբերուն վրայ:
Թէեւ մայրաքաղաք Մատրիտը անօրինական կը նկատէ Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքները (անիկա տեղի ունեցաւ 1 հոկտեմբերին), սակայն քաթալաններուն 90 տոկոսը քուէարկեց Քաթալոնիոյ անկախութեան օգտին:


