Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

October 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2017-ին, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշեր այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Վեհափառ հայրապետը վերջերս Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան նշանակուած Ֆուշերին ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կառոյցները, թեմերը եւ առաքելութեան զանազան բնագաւառները: Իբրեւ Իրանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան եւ մօտէն ճանչցած ըլլալով Իրանի հայութիւնը, Ֆուշերի եւ վեհափառ հայրապետին խօսակցութեան նիւթը նախ եւ առաջ կեդրոնացաւ առաւելաբար Իրանին ու անոր հայ համայնքին վրայ: Ապա լայն անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն. վեհափառ հայրապետը իր տեսակէտները պարզեց, իսկ դեսպանը իր կարգին ներկայացուց Ֆրանսայի մօտեցումները: Դեսպանը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ խնդիրները քաղաքական երկխօսութեամբ լուծելու, ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու եւ քրիստոնեայ համայնքներուն կարեւորութիւնը շեշտելու անհրաժեշտութեան:

Խօսելով Լիբանանի մասին, թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ դեսպանը ողջունեցին երկրին մէջ տիրող ապահովութիւնը եւ կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած տնտեսական ու ընկերային կարեւոր ծրագիրները:

Արամ Ա. կաթողիկոսն ու դեսպանը նաեւ անդրադարձան Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ տակաւ զարգացող գործակցութեան, ինչպէս նաեւ հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութեան: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը ողջունեց Ֆրանսայի ամուր կեցուածքը Հայ դատին նկատմամբ:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման աւարտին, դեսպանը այցելեց Նահատակաց մատուռ եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցանեց Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն:իւնը եւ կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած տնտեսական ու ընկերային կարեւոր ծրագիրները:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Աունի

Յաջորդը

Պարսելոնա Պիտի Շարունակէ Խաղալ «Լա Լիկա»-ին Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.