Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունենալիք 2017-ի աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ, պիտի մասնակցին ՖԻՖԱ-ի բոլոր ցամաքամասերու ախոյանները եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ախոյեան խումբը` Ժազիրա:
Գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, իր մրցումներուն պիտի սկսի կիսաւարտականէն:
Անոր մրցակիցը կը յստականայ, երբ 9 դեկտեմբերին Ժազիրա – Օքլենտ Սիթի (Նոր Զելանտա) մրցումին յաղթականը ճակատի Ասիոյ ներկայացուցիչին դէմ: Նշեալ թուականին իրարու դէմ կը մրցին մեքսիքական Փաչուքան եւ Ափրիկէի ախոյեան ակումբը: Այս մրցումին յաղթականը 12 դեկտեմբերին կը մրցի (կիսաւարտական) Լիպերթատորեսի բաժակակիրին հետ:
Աւարտականի եւ երրորդ դիրքի մրցումները տեղի կ՛ունենան 16 դեկտեմբերին:


