Սպանական «ԱՍ» օրաթերթին համաձայն, Մանչեսթըր Սիթի իր կազմին միացնելու համար Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Մեսսին, պատրաստ է վճարելու 400 միլիոն եւրօ, ինչ որ ֆութպոլի պատմութեան մէջ փոխանցման գինի մրցանիշ մը կրնայ ըլլալ:
Անգլիական ակումբը, որ արդէն իսկ այս գծով լուրջ աշխատանքի սկսած է, կը սպասէ կանաչ լոյսի մը` Մեսսիին կողմէ:


