ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց հեռանալու քաղաքական լարուածութիւն ստեղծող բանավէճէն եւ կայուն մթնոլորտ ապահովելու երկրին ու քաղաքացիին համար:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ այսօր պիտի մեկնի Հունգարիա, ուր պիտի քննարկուին սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հունգարիոյ միջեւ երկկողմանի առեւտուրն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանին հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները կը ներկայացնեն տարբեր համայնքներուն իսկական ղեկավարութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ խորհրդարանը տուրքերու բարեփոխուած օրինագիծերը պիտի վաւերացնէ, եւ աշխատավարձի յաւելումները պիտի շարունակուին, ինչպէս որ էր սեպտեմբերի աւարտին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան Մուսթաքպալի սկզբունքներուն եւ իրենց ձայնը պիտի բարձրացնեն որեւէ անարդարութեան դէմ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածները լիբանանեան գոյացութեան սպառնացող վտանգ կը նկատուին: Ան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ռազմավարական համաձայնութիւն ունի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Անուար Խալիլ դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած համայնքային լարուածութեան բառամթերք մը, որ պատերազմի ընթացքին իսկ չէր լսուած: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան վերստանձնելու իր գերիշխանութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները: Զոյգ ղեկավարները ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին Ռուսիա կատարած այցելութիւնը` արաբական աշխարհի իրավիճակը բարելաւելու ի խնդիր:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը պիտի ըլլայ ազգային նուաճումներու իշխանութեան փուլը:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շատ լուրջ են սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու իմաստով` չկրկնելու համար պաղեստինցի գաղթականներուն բեմագրութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ելեւմուտքի նախարարութիւնը գրեթէ աւարտած է 2018-ի պետական ամավարկը եւ պատրաստ է սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին աւարտել զայն ու փոխանցել խորհրդարան:


