Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան Արամ Ա. վեհափառի խօսքին մէջ այս հաստատումը քանի մը իմաստ ունի: Ընդհանրապէս փակման խօսքը վստահած էին վեհափառին, եւ հայրենի իշխանութիւնները կը սպասէին, որ ընդհանրական դրական կշռոյթով կարճ խօսքի մը սահմաններուն մէջ ըլլար պատգամը:
Եթէ այդ օրը սրահը գտնուէիք, դուք ալ ականատես կ՛ըլլայիք հայրենի ղեկավարութեան դէմքի դժգոհութեան, հակառակ անոր որ հեռատեսիլի կարգ մը կայաններ ցոյց տուին պատկերը:
Հարցը իրականութիւնները ըսելու մէջն է: Երբ վեհափառը այս մտահոգութիւնը հաստատեց, սրահը գտնուող ներկաներուն 95 տոկոսը ծափահարեց, ինչ որ ցոյց կու տայ համաձայնութիւն եւ իրատեսութիւն:
Վեհափառը առաջին անգամը չէ, որ մատը վէրքին վրայ կը դնէ:
Վեհափառը միայն հայրենի իշխանութեան չէ, որ պատգամ կ՛ուղղէ` վեհափառը համահայկական տագնապ մը լուսարձակի տակ կ՛առնէ, բոլորին ներկայութեամբ` անխտիր:
Միայն տնտեսական աճ, զբօսաշրջութիւն, վստահութիւն, բարգաւաճում չեն բաւեր: Հայրենիքը կը պարպուի, եւ բոլորս ալ ականատես ենք ու անզօր կը դիտենք, եւ հարցերը, կամ աւելի ճիշդը` լուծումները այլ տեղ կը փնտռենք:
Երկրորդը կը վերաբերի սփիւռքին: «Սփիւռքը կը մաշի»: Ձեւով մը ինքնաքննադատութիւն է եւ, աւելի՛ն, աւանդական կազմակերպութիւներուն պատգամ:
Այսօր, հակառակ բոլոր տեսակի զոհողութիւններուն, մենք սփիւռքի մէջ ենթարկուած ենք մաշումի: Սփիւռքի զօրաւոր գաղութները արդէն ցնցուած են եւ նոր, բայց աւելի համեստ գաղութներու կարգավիճակ ունին:
Սփիւռքի մաշելուն մէջ մեծ դեր ունի նաեւ արժէքներու խախտումը: Բոլոր մակադակներու վրայ արժէքներու խախտում կայ:
Վստահելիներով աշխատելու սկզբունքը սփիւռքի մաշումին կ՛օգնէ:
Երիտասարդացնելու կեղծ լոզունգները միայն առանձնաշնորհեալներով շրջապատուելու ճիգով կառոյցները տժգոյն պատկեր կը ներկայացնեն:
Մէկ խօսքով, սփիւռքը կը մաշի, շատ ճիշդ է, բայց այդ մաշումին զսպանակը ուրիշին ձեռքը չէ, մեր ձեռքն է. սակայն այդ ի՞նչ կախարդական, չըսելու համար` սատանայական, ծրագիր մըն է, որ մաշումը դիտելով` հաճոյք կ՛առնէ ի գին ամէն ինչի:
Հայաստանի պարպուիլը եւ սփիւռքի մաշումը, վերջապէս, միայն մեր թշնամիներուն օգուտ է:
Աթոռները կրնան գինովցնել, սակայն այդ աթոռներն ալ իմաստ չեն ունենար, երբ պարպուած Հայաստանով եւ մաշած սփիւռքով կը մնանք:
Պատգամը բոլորիս է, ուշ չէ, կարելի է տակաւին կացութիւն փրկել:


