Եւրոպայի ցամաքամասին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ` կիրակի, 8 հոկտեմբերին աւարտեց 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր ելոյթները, երբ իր կատարած վերջին մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ղազախստանի դէմ` արուեստական խոտով ծածկուած «Ասթանա Արենա» դաշտին վրայ (Ե. խմբակ):
Յաջորդական չորս պարտութիւններէ ետք, Հայաստան ապահովեց մրցաշարքի իր 7-րդ կէտը` իր արձանագրած 2 յաղթանակներէն, 1 հաւասարութենէն եւ 7 պարտութիւններէն ետք:
Մրցումին 26-րդ վայրկեանին, հակայարձակողականի մը շնորհիւ, Մարքոս Փիցելլիի սքանչելի փոխանցումէն ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան առանձին մնալով մրցակից կազմին բերդապահին հետ, նշանակեց Հայաստանի կոլը:
62-րդ վայրկեանին Պորզհան Թուրիսպեք նշանակեց Ղազախստանի հաւասարութեան կոլը:
Հայրենի կազմի բերդապահ Արսէն Բեգլարեան ունեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը:
10 մրցում կատարելով` հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի կազմը այսպիսով հրաժեշտ տուաւ 2018-ի մոնտիալին` գրաւելով իր խմբակին 5-րդ եւ նախավերջին դիրքը:



