Իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի մինի ֆութպոլի բաժակի 2-րդ մրցաշարքին, լիբանանեան պատուիրակութիւնը ներկայիս կը գտնուի Թունուզ եւ Իջեւանած է «Խիամ Կարտըն» պանդոկին մէջ:
Երէկ Լիբանանի մարզիկները իրենց փորձերուն սկսան` հսկողութեամբ մարզիչ Ատհամ Ղատտարի:
Լիբանան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վաղը` կիրակի, 8 հոկտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:30-ին` Լիպիոյ դէմ:
Երկուշաբթի, 9 հոկտեմբերին, ժամը 22:30-ին, Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Թունուզ, իսկ չորեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին մայրիներու կազմը պիտի մրցի Փորթուգալի դէմ, ժամը 16:15-ին:



