Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան – Ռուսիա Տնտեսութիւնները Սերտօրէն Փոխկապակցուած Են» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

October 7, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայ-ռուսական միջշրջանային վեցերորդ եւ Եւրասիական գործընկերութեան երկրորդ միջազգային համաժողովներու մասնակիցներուն եւ հիւրերուն յղած իր ուղերձին մէջ հաստատած է, որ  Հայաստան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Ռուսիոյ հետ բազմաշերտ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն տնտեսութիւնները սերտօրէն փոխկապակցուած են:

Անոր համաձայն, արդիւնաւէտ էին Հայ-ռուսական միջշրջանային նախորդ համաժողովները, որոնց ընթացքին ներկայացուած առաջարկները կեանքի կոչուած են միացեալ նախաձեռնութիւններով:

Նախագահ Սարգսեան դիտել տուած է, որ համարկման հոլովոյթները կը նպաստեն միջշրջանային համագործակցութեան զարգացման:

«Նախ եւ առաջ ատիկա կը վերաբերի Եւրասիական տնտեսական միութեան, որուն շնորհիւ ապակեդրոնացեալ փոխադարձ գործակցութիւնը բարձրացած է նոր` աւելի բարձր մակարդակի: Եւրասիական տնտեսական միութիւնը բազմապատկած է մեր երկիրներու ստեղծարար ներուժը, վերացուցած է բազմաթիւ խոչընդոտներ փոխշահաւէտ տնտեսական համագործակցութեան ընդմէջէն», յայտնած է նախագահը` համոզում յայտնելով, որ Եւրասիական գործընկերութեան երկրորդ միջազգային համաժողովը իր կարգին պիտի նպաստէ Եւրասիական տնտեսական միութեան գործարար եւ ներդրումային լայն կարելիութիւններու բացայայտման ու նոր, փոխշահաւէտ գործարարական նախագիծերու իրականացման:

«Համաժողովներու կայացումը կը համապատասխանէ եղբայրութեան եւ բարեկամութեան աւանդութիւններուն, որոնցմով մեր ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները ամրապնդուած են երկար դարերու ընթացքին: Համոզուած եմ, որ այս աւանդութիւնները այսուհետեւ եւս պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու ամրապնդման», նշուած է նախագահին ուղերձին մէջ:

 

Նախորդը

ՀԱՅ ԴԱՏԻ Յանձնախումբը Կը Հովանաւորէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան Նուիրուած Ժողովը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.