Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահը

October 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Էնտրու Շոֆըրը:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Շոֆըրը անոր նշանակման առիթով: Ընդգծելով, որ նոր նշանակուած համանախագահը իր դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին ներկայ բաւական բարդ ժամանակաշրջանին ընթացքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան յաջողութիւններ մաղթած է անոր այդ կարեւորագոյն առաքելութեան իրականացման գործին մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու միջնորդական ջանքերը` տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն  եւ սկզբունքներուն համապատասխան լուծելու ուղղութեամբ յաջողութեամբ կը շարունակուին` ընդգծելով, որ Հայաստան Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ միասին պատրաստակամ է շարունակելու ջանքերը այդ նպատակով:

Շոֆըր Շատ Արդիւնաւէտ Կը Համարէ  Արցախի Նախագահին Հետ Հանդիպումը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ճանաչողական այցելութեամբ Արցախ մեկնած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Էնտրու Շոֆըր Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք լրագրողներուն յայտնած է. «Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ մեր հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ եղած է, եւ մենք քննարկած ենք տագնապին առնչուած բազմաթիւ հարցեր»:

«Տեղեակ եմ տագնապին մասին: Անիկա իրապէս բարդ է, որու խաղաղ լուծման համար, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ, մենք պիտի շարունակենք պարբերաբար այցելել շրջան», ըսած է Շոֆըր:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ 4 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը, սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակը, շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատուած է Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման եւ այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներու կատարման անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Հաւանական Է Եւրոպական Միութեան Հետ Համաձայնագիր Կնքել Եւ Զարգացնել Փոխադարձ Գործակցութիւնը

Յաջորդը

Ակնարկ. Երեւանը Կը Գտնուի Կամրջող Կարգավիճակ Ստանձնելու Սեմին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.