«Մարքա» նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ ՖԻՖԱ-ն Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը կրնայ զրկել 2018-ի Մոնտիալին մասնակցելու իրաւունքէն, եթէ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը` «Լա Լիկա»-ն, Քաթալոնիոյ անկախացումէն ետք Պարսելոնային թոյլ չտայ մասնակցիլ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Ըստ ՖԻՖԱ-ին ատիկա կը նկատուի երկրին կառավարութեան միջամտութիւնը` ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործերուն:
Հետեւաբար, ասիկա կը նշանակէ, որ Սպանիա կը զրկուի պաշտօնական խաղերուն մասնակցելու իրաւունքէն, իսկ ակումբները` ՖԻՖԱ-ին հովանիին տակ եղող բոլոր մրցաշարքերուն մասնակցելու իրաւունքէն:
Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէն տեղի ունեցաւ կիրակի, 1 հոկտեմբերին:
Այդ հանրաքուէն Մատրիտ անօրինական կը նկատէ:



